Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 16, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Մուխթարա` հանդիպում մը ունենալու համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա այս շաբթուան ընթացքին պիտի ունենան հանդիպում մը` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան կապուած հարցեր:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յոյս յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին առումով կարելի ըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց ամբողջացնելու Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը եւ բարձր գնահատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերը` լիբանանեան բանակը զինելու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն մաղթեց, որ առեւանգուած լիբանանցի զինուորները ազատ արձակուին` շեշտելով, որ Լիբանան չի կրնար ահաբեկիչներու հետ բանակցիլ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք խոստովանեցաւ, որ ինք կը մտածէր Թրիփոլիի մէջ հաւատադրժողական էմիրութիւն մը հիմնել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի Քաթար կատարած այցելութիւնը ամէն իմաստով յաջող էր:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածուները իրենց թեկնածութիւնը պիտի առաջադրեն յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, հակառակ անոր որ անոնք անհաւանական կը նկատեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրեց` հաստատելով, որ իրենք խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու դէմ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի հաստատեց, որ իրենք համաձայն են խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու` նկատի ունենալով, որ անիկա չարեաց փոքրագոյնն է եւ որպէսզի Իրաքի կացութիւնը Լիբանանի մէջ չկրկնուի:

ԻՐԱՒԱԲԱՆ Սլէյման Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իրենք կ՛ուզեն ընտրել հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ իշխանութեան իսկական գործընկերը ըլլայ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաթարեան ապահովական պատուիրակութիւն մը պիտի հասնի Պէյրութ` մօտէն հետեւելու համար առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը անձնական ապահովութիւն հիմնելու գաղափարին համաձայն չէ. ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը կը պաշտպանէ բոլորը:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը յայտնեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքը հաւատադրժողական զինեալներուն դէմ պայքարելու փոխարէն կը նախընտրէ սադրանքներն ու լարուածութիւնը:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը հաստատեց, որ քրիստոնեայ համայնքին պաշտպանութիւնը արաբական երկիրներուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն պատասխանատուութիւնն է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներ շեշտեցին, որ իրենք կը մերժեն իսլամական բանտարկեալները առեւանգուած զինուորներուն հետ փոխանակել, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ լիբանանեան պետութեան մահը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալետ Քապպանի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը առաջնահերթ է` լիբանանեան պետութիւնը իր ճշգրիտ ուղեգիծին վերադարձնելու առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժեզզինի մէջ ձերբակալուած ահաբեկչական բջիջը կը ծրագրէր Ապրայի հարցով արգելափակուած բանտարկեալները փախցնելու միջոցներն ու ձեւերը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ իրենք դէմ են խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու սկզբունքին` աւելցնելով, որ ապահովական պատճառներով երեսփոխանական ընտրութիւններ չկատարելու ներքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը պէտք է հաստատուի ապահովական կառոյցներու պետերուն կողմէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը կարելի է ապահովել հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը չարդարացնելու ընդմէջէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու թղթածրարը կառավարութեան եւ անոր յատուկ նախարարական յանձնախումբին նկատմամբ վստահութեան կարիք ունի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ժողովրդային եւ քաղաքական զօրակցութիւնը պահանջուած է, որովհետեւ բանակը կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետը պիտի գործակցի քաթարցի պատասխանատուներուն հետ` լուծելու համար առեւանգուած զինուորականներուն թղթածրարը:

 

 

Նախորդը

Փարիզի Խորհրդաժողովի Մասնակիցները Իրաքին Աջակցութիւն Կը Խոստանան

Յաջորդը

Նուհատ Մաշնուք Հէյլի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Զարգացումները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.