Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ուշադրութեան կեդրոնը յառաջիկայ շաբաթ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ: Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 17 սեպտեմբերին պիտի քննէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններու թեկնածութիւնները` առաջադրուած նախագահ Պարաք Օպամային կողմէ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչով մը դիմած է ամերիկացի ծերակուտականներուն` ուշադիր եւ մանրամասն քննելու Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուին հարցը:


