«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւերէն մէկը, որ թռիչք առած էր Ժընեւէն եւ կ՛ուղղուէր դէպի Պէյրութ, երէկ ստիպողաբար էջք կատարեց Հռոմի մէջ, երբ
Զուիցերիայէն ստացաւ զգուշացում մը, որ օդանաւին մէջ ական մը կրնայ ըլլալ:
Հռոմի օդակայանին մէջ ճամբորդները իջան օդանաւէն եւ իտալական բանակի սակրաւորները զննեցին օդանաւը, որուն մէջ ական չգտան:
«Միտըլ Իսթ»-ի տնօրէն Մոհամետ Հութ յայտնեց, որ Ժընեւէն Պէյրութ ուղղուող այդ օդանաւին ճամբորդներէն մէկուն կողմէ իր կատարելիք ճամբորդութենէն մետասաներորդ պահուն հրաժարելու որոշումը կասկածի մատնած էր եւ այդ պատճառով ալ օդանաւային ընկերութիւնը ապահովութեան ու նախազգուշութեան համար որոշած էր Հռոմ էջք կատարել:
Հութ հաստատեց, որ «Միտըլ Իսթ»-ի օդանաւը Հռոմէն ուղղակի Պէյրութ պիտի ժամանէ:


