Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքար. Քերրի. «Կարգ Մը Երկիրներ Առաջարկեցին Ցամաքային Ուժեր Ուղարկել, Սակայն Մենք Այդ Մասին Չենք Մտածեր»

September 15, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քերրի
Ճոն Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ կարգ մը երկիրներ առաջարկած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար ցամաքային ուժեր ուղարկել, սակայն իր երկիրը ներկայիս այդ մասին չի մտածեր:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ քոնկրեսին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը մարզելու առաջարկին շուրջ քննարկումները մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած են:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ, որ իր երկիրը ահաբեկչական ծանօթ կազմակերպութիւններու դէմ կը պայքարի, «եւ կը գիտակցինք, որ շրջանին մէջ բազմաթիւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ գոյութիւն ունին»:

Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ թրքական իշխանութիւնները կը պահպանեն անոնց դէմ իրենց կեցուածքը եւ պիտի շարունակեն պահպանել այդ կեցուածքը ինչ կը վերաբերի օտար զինեալներու հարցին կամ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեան (ՏԱՀԵՇ-ի) անդամներուն, «եւ ազգային ու միջազգային մակարդակի վրայ այս ծիրին մէջ մեր վճռակամութիւնն ու մեր դաշնակիցներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը պիտի շարունակուին»:

Թուրքիոյ մէջ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Էրտողան խոստացած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ապահովութիւնը ամրապնդել` յաւելեալ զինեալներու ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն միանալը արգիլելու համար:

Միւս կողմէ, իրանեան պաշտօնական աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն մեծ ջանքեր թափած է Թեհրանը համոզելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իրեն հետ գործակցելու, եւ ՏԱՀԵՇ-ի տագնապին սկիզբէն ի վեր ամերիկեան վարչակարգը տարբեր միջոցներով կը ջանայ կապ հաստատել Թեհրանի հետ, սակայն Թեհրանի կողմէ մերժողական պատասխանը Ուաշինկթընը մղած է յայտնելու, որ պայմանները նպաստաւոր չեն Իրանը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դաշինքին մաս կազմելու հրաւիրելու:

Օպամա Կը Խոստանայ Պատժել
Բրիտանացին Գլխատած Զինեալները

Պարաք Օպամա
Պարաք Օպամա

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա քննադատած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բրիտանացի Տէյվիտ Հէյնզի գլխատումը:

«Մենք պիտի աշխատինք Բրիտանիոյ եւ շրջանին ու ամբողջ աշխարհին մէջ միջազգային լայն դաշինքին հետ միասին, որպէսզի պատասխանատուութեան ենթարկենք անոնք, որոնք մեղաւոր են այդ սարսափելի գործողութեան համար, եւ որպէսզի վերացնենք այդ սպառնալիքը մեր երկիրներուն, շրջանին եւ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն համար», կ՛ըսուի Օպամայի յայտարարութեան մէջ:

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Բրիտանիոյ կողքին են եւ կը կիսեն անոր վիշտը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Հէյնզի գլխատումը կոչած է «չարութեան արարք» եւ անոր հարազատներուն խոստացած է ընել ամէն ինչ, որպէսզի մարդասպանները յայտնուին դատարանին առջեւ:

Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները մարդասիրական աշխատանք տանող բրիտանացին գլխատած էին` իբրեւ պատասխան խմբաւորումին դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի մաս կազմելու Բրիտանիոյ քայլին:

 

Նախորդը

Սկովտիոյ Մէջ Անկախութեան Հակառակորդները Դարձեալ Գերազանցած Են Կողմնակիցները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.