Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը` ՍՈՔԱՐ հրապարակած է յայտարարութիւն մը` հաղորդելով, որ 1 ապրիլ 2015-ին պիտի սկսին ԹԱՆԱՓ-ի` Անդրանատոլական կազի խողովակաշարի շինարարութեան գործնական աշխատանքները:
ԹԱՆԱՓ կը նախատեսէ «Շահ Տենիզ» հանքէն ազրպէյճանական կազը Թուրքիոյ տարածքով հասցնել Եւրոպայի սահմաններ: Կազի խողովակաշարի նախնական կարողականութիւնը պիտի կազմէ տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր, որուն 6 միլիառը պիտի մատակարարուի Թուրքիոյ, իսկ մնացեալը` Եւրոպային: Հետագային այդ ծաւալը կրնայ հասցուիլ տարեկան 31 միլիառ խորանարդ մեթրի:
ԹԱՆԱՓ-ի շահագործումը կը նախատեսուի 2018-ին: Նախագիծը կը գնահատուի 10-11 միլիառ տոլարով:


