
Երէկ սկսան «Տէյվիս Քափ 2014»-ի կիսաւարտական խաղերը:
Առաջին կիսաւարտականը իրար դէմ հանեց Ֆրանսան եւ 2013 «Տէյվիս Քափ» մրցաշարքի ախոյեան Չեխիան:
Առաջին խաղին իրար դէմ պայքարեցան ֆրանսացի Ռիշար Կասքէն եւ չեխ Թոմաս Փերտիչը:
Կը սպասուէր շատ հետաքրքրական խաղ մը ըլլալ, սակայն ֆրանսացին կրցաւ դիւրութեամբ պարտութեան մատնել իր մրցակիցը` 6-3, 6-2, 6-3 ջախջախիչ արդիւնքով մը:
Երկրորդ խաղին Ֆրանսան մեծ քայլ մը առաւ դէպի աւարտական խաղ, երբ Ճօ Ուիլֆրիտ Ցոնկա իր կարգին 6-2, 6-2, 6-3 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ Լուքաս Ռոսոլի դէմ:
Յիշեցնենք, որ միւս կիսաւարտականին Զուիցերիա եւ Իտալա մրցեցան իրար դէմ եւ առաջին խաղին զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 7-6 (5), 6-4, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի Սիմոնէ Պոլելին, այսպիսով Զուիցերիան իր առաջին քայլը առաւ դէպի աւարտական խաղ:


