Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ կը շարունակուի հրաձգութեան աշխարհի 51-րդ ախոյեանութիւնը:
Զաւէն Իգիթեան եւ Սեւակ Արշակեան մասնակցեցան օդամղիչ ատրճանակի (10 մ) երիտասարդներու մրցումին, որուն մասնակցած էին ընդհանուրը 65 մարզիկներ:
Իգիթեան 567 կէտ հաւաքեց եւ գրաւեց 26-րդ դիրքը, սակայն Արշակեան 556 կէտ հաւաքելով գրաւեց 52-րդ դիրքը:
Յիշեցնենք, որ Զաւէն Իգիթեան երիտասարդներու ազատ ոճի ատրճանակի (50 մ) մրցումին գրաւած էր 7-րդ դիրքը:
Նշենք նաեւ, որ հրաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Յովհաննիսեանի եւ մարզիչ Գագիկ Մելոյեանի գլխաւորութեամբ, մնացեալ մարզիկները եւս Հայաստանէն մեկնեցան Կրանատա` իրենց մասնակցութիւնը բերելու աշխարհի ախոյեանութեան:


