Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը, հակառակ նախորդ տարեշրջանին արձանագրած վատ արդիւնքներուն, յայտարարած է մրցանշային 433,2 միլիոն փաունտ եկամուտ մը, որ 19 առ հարիւրով աւելի է նախորդ տարուան ցուցանիշէն:
Եկամուտին աճը առաւելաբար պայմանաւորուած է գերմանական «Ատիտաս» ընկերութեան հետ նոր կնքուած տասը տարուան շապիկի պայմանագրութեամբ, որուն արժէքն է 750 միլիոն փաունտ:
Նշենք, որ այս պայմանագրութիւնը մրցանիշ է ոչ միայն ֆութպոլի աշխարհին մէջ, այլ նաեւ բոլոր մարզական խաղերու պատմութեան մէջ:


