Սամփտորիայի սեփականատէր Մասիմօ Ֆերերոն ցանկութիւն յայտնած է ակումբին համար կառուցելու նոր մարզադաշտ մը, որ Եւրոպայի մեծագոյն դաշտը պիտի ըլլայ:
Այժմ Ֆերերոն կը բանակցի Ճենովայի տեղական խորհուրդին հետ` 99 տարուան համար հողաշերտ մը վարձելու մտադրութեամբ` նոր մարզադաշտը կառուցելու համար:
Ֆերերօ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս նախագիծը երազանք մըն է ինծի համար: Մենք մարզադաշտը ծովու նման պիտի կառուցենք, որպէսզի մարդիկ իրենց նաւակները նստած կարենան խաղը դիտել, միաժամանակ ճաշել եւ տեսնել Ճենովայի այլ տեսարժան վայրերը»:
Ան աւելցուց . «Ինծի հետ նաեւ ուրիշ ներդրողներ ալ պիտի ըլլան: Մարզադաշտը նոր աշխատատեղեր պիտի ստեղծէ քաղաքին համար, պիտի զարգացնէ զբօսաշրջութիւնը, նաեւ շաբաթական 7 օր պիտի գործէ եւ դառնայ Եւրոպայի մեծագոյնը»:
Նշենք, որ ներկայիս Սամփտորիան իր խաղերը կը կատարէ «Լուիճի Ֆեռարիս» մարզադաշտին վրայ, ուր առաւելագոյնը 36500 հանդիսատեսներ կրնան ներկայ գտնուիլ:


