Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տուր Աշխարհիս Խաղաղութիւն»-ը Բացառութիւն Մը, Աղօթք Մըն Է

September 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Դիմատետրին վրայ վերջերս տեղադրուած խօսք մը մօտաւորապէս հետեւեալը կ՛ըսէր. «Բացէ՛ք պատմութեան գիրքերը եւ պատերազմի շարանները պիտի գտնէք»:

Պատանի տարիքէս նկատած եմ, որ մեր դրախտավայր Հայաստան աշխարհը միշտ «Կռուախնձոր» եղած է մեր դրացի երկիրներուն համար: Կռիւներ մղուած են հրապուրիչ խնձորի տեսքով մեր դրախտավայր հայրենիքին տիրանալու համար, եւ մինչեւ հիմա ալ այդպէս կը շարունակուի տակաւին:

Հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներկայացուած պատերազմներուն նկարագրականներէն ետք, պատմական հանգրուանի մը յաջորդող հանգրուանին անցնելէ առաջ պատմագէտ հեղինակները յատուկ գլուխ մը կը յատկացնեն ուսումնասիրուած ժամանակաշրջանին տարիներուն տուեալ երկրին մէջ տիրող ընկերային, երկրագործական, առեւտրական, կրօնական, մշակութային, ճարտարապետական, կրթական, բժշկագիտական եւ այլ հետաքրքրական կալուածներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տալով:

Աստուածաշունչին մէջ, Ադամ եւ Եւայէն մինչեւ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը, կը կարդանք մեր նախահայրերուն ունեցած անձնական եւ ցեղային վէճերուն մասին` սկսելով սատանայէն փորձուած Ադամէն եւ Եւայէն, երբ ամէն մէկը յանցանքը միւսին վրայ նետեց` գործուած սխալը մերժելով, պատիժէն ազատելու յոյսով: Իրենց զաւակներէն` Կայէնն ու Աբելը եւս Աստուծոյ կողմէ գնահատուելու կամ մերժուած ըլլալու պատճառով գործեցին առաջին մարդասպանութիւնը, երբ Կայէն սպաննեց իր եղբայր Աբելը:

Մարդկային կեանքին գոյութեան եւ գործունութեան պատմութեան ամփոփումը կը կայանայ մարդ արարածին իր սեփական հողը ընդարձակելուն, իր հարազատին իրաւունքը յափշտակելուն, դրացիին խաղաղութիւնն ու հանգիստը խանգարելուն մէջ:

Պատերազմով սեփական սահմանները ընդարձակելու կամ կորսնցնելու մասին արձանագրուած են ազգերու պատմութիւնները գիրքերուն մէջ, ուր պարտուող երկրի մը կառավարիչ իշխանը, թագաւորը, կայսրը կը պատերազմի իր վրայ յարձակում գործած երկրին դէմ, իր կորսնցուցած հողին վերատիրանալու համար յարմար առիթի մը: Այսպէս, փոխվրէժներով, դարերու ընթացքին պատերազմներ տեղի ունեցած են եւ կ՛ունենան հողային, ժողովրդավարական, կրօնական, գաղափարական եւ տնտեսական վէճերով ու պատրուակներով:

Կազայի շուրջ պատերազմները կը շարունակուին երեք հազար տարիէ ի վեր: Իսրայէլ Աստուծոյ կողմէ խոստացեալ երկրին ամէն գնով պահպանման համար դարաւոր երազ եւ նպատակ առաջադրած է, ամէն գնով պահել հրէից խոստացուած երկիրը, եւ այդ պատճառով դաժան պատերազմներ մղած է փղշտացիներուն`  այսօրուան պաղեստինցիներուն դէմ, դիմադրած է Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Միջագետքի`  այսօրուան Իրաքի քաղդէացիներուն եւ բաբելացիներուն, Պարսկաստանի, Հռոմի կայսրութեանց եւ այլ երկիրներու դէմ, որոնք արշաւած ու երբեմն գրաւած են իրենց երկիրը, եւ իրենց պայքարով վերատիրացած են իրենց պապենական հողերուն:

Ներկայիս Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ շրջանին մէջ ազդեցիկ զօրութիւն դառնալու մրցակցութիւնը, որոնցմէ դուրս հանուած են Իսրայէլի անմիջական դրացի երկիրները` Եգիպտոսը, Սուրիան, Յորդանանը եւ Իրաքը: Լիբանանն ալ ունի իր ներքին մտավախութիւնները: Հզօր ուժ կամ կայսրութիւն դառնալու համար կը մրցակցին` Թուրքիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը, որոնք եւս ներկայիս ներքին տարակարծութիւններ կը դիմագրաւեն:

Իսրայէլի դրացի երկիրները` Եգիպտոսը, Լիբանանը, Յորդանանը, Սուրիան եւ Իրաքը վերածուած են աղէտեալ երկիր – շրջաններու 2003-էն ի վեր միլիոնաւոր մեռեալներ, զոհեր եւ միլիոնաւոր թափառական. թշուառ, անօթի, ծարաւ, տեղահանուածներ պատճառելով: Յայտնապէս Սուրիան եւ Իրաքը ներքին հողային բաժանումներու ենթարկուած են: Իրաք վերածուած է սիւննի, շիի եւ քրտական ինքնավար շրջաններու` տկար կեդրոնական կառավարութեամբ մը: Վերջերս մէջտեղ եկած է քաղաքական ուժ մը, որ իսլամական պետութիւն -խալիֆայութիւն անուան տակ օրէ օր իր սահմանները ընդարձակելու կը ձգտի:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ընդդիմադիրները ժիհատ անուան տակ լաւ զինուած ու մարզուած զինուորական շարժում մը յաջողեցան գոյացնել` ջլատելով իշխանութեան տիրանալու նպատակով կազմուած բոլոր ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` իսլամական խալիֆայութիւն հաստատելով Սուրիոյ Եփրատի շրջանին մէջ, տիրանալով երկրին ջուրով, հացահատիկով ու նաւթով հարուստ հողամասին:

Իսլամական ժիհատականները խալիֆայական պետութիւնը բիրտ ուժով բռնի իսլամութիւն պարտադրեց քրիստոնեաներուն եւ եզիտիներուն եւ չենթարկուողները գլխատեց, խաչեց, գնդակահարեց եւ պէսպիսի չարչարանքներու ենթարկեց համայն աշխարհը իսլամացնելու երազով:

Զանց կ՛առնենք անդրադառնալ արեւմտեան երկիրներուն` շրջանին մէջ անկայունութիւնը յառաջացնելու դերին եւ մշակած «քաղաքականութեան»:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պուշը 2003-ին բոլորովին անտեսեց ՄԱԿ-ի գոյութիւնը եւ Իրաք արշաւելով` տապալեց Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութիւնը եւ կախեց զայն: Հիմա ալ ՄԱԿ-ը դարձած է անուանական անզօր կազմակերպութիւն մը:

Ատլանտեան ուխտի երկիրները ներքին համաձայնութեան ներումով` իրաւունք չունին իրարու դէմ պատերազմ յայտարարելու, ընդհակառակն, ուր որ կարիք զգացուի` երկիր մը իրենց ազդեցութեան ենթարկելու, միասնական կամքով կը դաշնակցին իրարու հետ` իրենց նպատակը յաջողցնելու համար:

Եւրոպական 28 երկիրները իրենց կանոնագրութեամբ ուխտած են իրարու դէմ չպատերազմիլ եւ միասնական ջանքերով չէզոքացնել Եւրոպայի շահերուն սպառնացող բոլոր վտանգները: Այսպէս, Ուքրանիոյ մէջ ռուս բնակչութեան ղեկավարութեան անջատողական շարժման դէմ կը կենան Ատլանտեան ուխտի եւ Եւրոպական Միութեան բոլոր երկիրները, որոնք Ռուսիոյ դէմ հսկայական տնտեսական պատժամիջոցներ կը ձեռնարկեն` վտանգի ենթարկելով երկկողմանի շահերը եւ աշխարհի խաղաղութիւնը: Հետեւաբար, ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը ինքնաբերաբար զսպուած է:

Աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը միշտ տեւական են ամէնուրեք, նոյնիսկ` աշխարհի ամէնէն տաք ու բռնկած վայրերուն մէջ, խաղաղութեան հասնելու համար տեւական ջանքեր կը կատարուին անշուշտ, բայց անոնց դէմ հզօր պայքար կը մղեն զէնք արտադրող եւ արտածող ընկերութիւններն ու իրենց ազդեցութեան տակ գտնուող քաղաքական ղեկավարներն ու երկիրները, այն աստիճան, որ իրենք զիրենք արդարացնելու համար «համոզիչ» ըրած են հետեւեալ կարգախօսը. «Զէնքը մարդ չի սպաններ, մարդը մարդ կը սպաննէ»: Լա՛ւ, բայց եթէ փոքրիկ աղջնակի մը ձեռքը զէնք չտանք, ան չի կրնար արկածով մը իր եղբայրը սպաննել: Նոյնն է պարագան աշխարհի մէջ պատերազմող բոլոր կողմերուն:

Խաղաղութիւնը բացառութիւն է, եւ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով մեր եկեղեցւոյ հայրերը խաղաղութեան կարեւորութիւնը այնքան շեշտել եւ յիշեցնել ուզած են որ Ս. պատարագի ընթացքին պատարագիչ քահանային աղօթքներուն մէջ եօթը անգամ նշած են քրիստոսատուր այս պատգամը` «Խաղաղութիւն ամէնեցուն»:

Նիս, 1 սեպտեմբեր 2014

 

Նախորդը

Յուշատետր. Սիրելը Լաւ Է

Յաջորդը

Գիրքերու Հետ. Բժիշկին Խօսքը – Բ. (Հեղինակ` Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.