
Ռէալ Մատրիտի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը մարզուի յատուկ ծրագիրով, որպէսզի կարենայ մինչեւ Սպանիոյ ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանի Ռէալի եւ Աթլեթիքոյի միջեւ մրցումին պատրաստ ըլլալ եւ դաշտ ներկայանալ: Այս լուրը կը հաղորդէ սպանական «ԱՍ» օրաթերթը:
Փորթուգալցի մարզիկը օրական երկու անգամ երեք ժամ տեւողութեամբ փորձեր կը կատարէ, եւ խումբին բժշկական անձնակազմը նախատեսած է անոր վերադարձը այս շաբթուան կիսուն:
Յիշեցնենք, որ Ռոնալտօ այս շաբաթավերջին Փորթուգալի հաւաքականին Եուրօ-2016-ի զտումի մրցումին խումբ չէր հրաւիրուած` իր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:


