
Շուէտացի ֆութպոլիստ Զլաթան Իպրահիմովիչ կրկնեց Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի հաւաքականի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի բացառիկ յաջողութիւնը:
Իպրահիմովիչ այժմ կոլ նշանակած է ֆութպոլի խաղի մը բոլոր վայրկեաններուն. նախքան իր կողմէ այս իրագործումը արձանագրելը այս մէկը միայն Ռոնալտոն յաջողած էր կատարել:
Նշենք, որ մրցանիշը հաստատուեցաւ Շուէտ- Էսթոնիա բարեկամական խաղին ընթացքին:


