
Գերմանական Պայըրն Միւնիխ ակումբի նախագահ` Ֆրանց Պեքենպաուըր քննադատած է Եուրօ 2016-ի 24 խումբի մասնակցութեան նախաձեռնութիւնը:
Ան նշած է. «Այս որոշումը ՈՒԷՖԱ-ի որոշում է եւ մենք չենք կրնար զայն վիճարկել: Սակայն ես կը կարծեմ, որ 24 խումբի մասնակցութիւնը չափազանց շատ է, եւ այդ թիւը ՈՒԷՖԱ-ի անդամ երկիրներուն մօտաւորապէս կէսն է»:
Ան աւելցուցած է ըսելով. «Լաւ կ՛ըլլայ այս պարագային թոյլատրենք Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մասնակցութիւնը եւ զտումի խաղեր բնաւ չկազմակերպենք»:
Նշենք, որ Պեքենպաուըր այս յայտարարութիւնը ըրած է անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:


