Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան «Հայ»-ը Եւ Էրտողան… «Թուրք»-ը

September 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Օրեր առաջ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը կատարեց սահմանադրական իր երդումը եւ ստանձնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր պաշտօնատարի պատասխանատուութիւնը:

Նախագահ Էրտողանի սահմանադրական երդման եւ պաշտօնի ստանձնման արարողութիւններուն ու հանդիսութիւններուն, երկրագունդի մեծ թիւով պետութեանց կարգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, ըստ պաշտօնի եւ պատշաճի, դիւանագիտականօրէն ներկայացուց Հայաստանի նախագահն ու հայոց պետականութիւնը` արարողապէս ներկայ գտնուելով Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը շնորհաւորող կամ ողջունող օտար պետական հիւրերու շարքին:

Թէեւ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտէն վերապահութիւններ յայտնուեցան մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութեան մասին – որոշապէս ՀՅԴ բանբեր մը յայտարարեց, թէ «Դաշնակցութիւնը ողջունելի չի նկատեր» Է. Նալբանդեանի այցը. այսուհանդերձ, Հայաստանի նախագահը անխռով յանձնարարեց իր արտաքին գործոց նախարարին, որ իր գործը ի կատար ածէ…

Աւելի՛ն. լրատու աղբիւրները կը հաւաստիացնեն, որ նշանակալից այս առիթով, Հայաստանի նախագահին անունով, նախարար Նալբանդեան յառաջիկայ ապրիլ 24-ին Երեւան այցելելու եւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի արարողութեանց ներկայ գտնուելու պաշտօնական հրաւէր փոխանցած է Թուրքիոյ նորընտիր նախագահին:

Թերեւս մենք ենք մեղաւորը, որ չենք հասկնար Հայաստանի նախագահին վարած այս աստիճան վերին ու բարձրագոյն մակարդակի` դիւանագիտութիւնը:

Հայաստանի նախագահին որոշումով, Հայաստան ոչ միայն արարողակարգային առումով մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահին պաշտօնի ստանձնումը շնորհաւորելու կամ ողջունելու հանդիսութեանց, այլեւ պր. Էրտողանին նուիրեց Հայ դատի պահանջատիրութեան դէմ օգտագործելի դիւանագիտական փայլուն յաղթաթուղթ մը…

Այո՛, նախագահ Էրտողան միայն օգուտ կրնայ քաղել Մեծ եղեռնի 100-ամեակի երեւանեան հանդիսութեանց ներկայ գտնուելու նախագահ Սարգսեանի պաշտօնական հրաւէրէն:

Ինչպէ՞ս:

Առաջի՛ն. եթէ Էրտողան որոշէ չընդառաջել հրաւէրին, ոչ ոք իրաւունք ունի բռնելու անոր օձիքէն եւ հաշիւ պահանջելու, թէ ինչո՛ւ չ՛ընդառաջեր…

Ի վերջոյ դիւանագիտական աշխարհի խաղականոններուն համաձայն նոյնիսկ անպատշաճ է, որ հրաւիրեալի մը ստիպես, թէ անպայման ընդունի հրաւէրդ, մանաւանդ եթէ զինք անյարմար դրութեան կը մատնես… հրաւէրովդ:

Չմոռնանք, որ նախագահ Էրտողան ամբողջ կեանք մը երդում-պատառ եղած է աշխարհին տարհամոզելու համար, թէ` իր հայրերը ցեղասպանութիւն գործած չեն հայ ժողովուրդին դէմ, թէ թուրքը կրօնով իսկ չի կրնար ցեղասպանական ոճիր գործել, թէ` 1915-ին եղածը ցաւալի սպանդ էր, որուն զոհ գացին հաւասարապէս ե՛ւ հայեր, ե՛ւ թուրքեր, ե՛ւ այլ ազգութիւններ:

Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ չընդառաջէ Հայաստանի նախագահի հրաւէրին, Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը կրնայ ամենայն շնականութեամբ շնորհակալութիւն յայտնել Երեւանի հրաւէրին համար եւ արար-աշխարհին անգամ մը եւս հրամցնել հայասպանութեան ուրացման իր ծանօթ բացատրութիւնները, անոնց նորովի արծարծման եւ քարոզչութեան ծառայեցնելով իրեն ուղղուած Մեծ եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման ներկայ գտնուելու հրաւէրը:

Երկրորդ. բացառուած չէ, որ նախագահ Էրտողան կրնայ նաեւ որոշել, որ ընդառաջէ Երեւանի հրաւէրին, բայց այդ մէկը կատարէ ֆութպոլային դիւանագիտութեան խաղականոններով` գնդակը ետ նետելով հակառակորդի դարպասին կողմը:

Այսինքն պր. Էրտողան կրնայ, յաչս մեծապետական աշխարհին եւ միջազգային հանրութեան, պատմական մեծ քայլի մը վերածել 24 ապրիլ 2015-ին Ծիծեռնակաբերդ իր դիւանագիտական այցը, առանց որ էապէս ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը:

Այսինքն պր. Էրտողան կրնայ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի նման, իր կարգին «Արհաւիրք» եւ «Մեծ եղեռն» անուանել 1915-ի ահաւոր հայասպանութիւնը, նոյնիսկ Իթթիհատն ու Աթաթուրքը յանցագործ յայտարարել, բայց ըստ ամենայնի մերժել, որ գործուած ցաւալի ոճիրը հայութեան դէմ եւ թրքութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն է:

Ամէն պարագայի, քաղաքական կեանքի մէջ, հաւանական բեմագրութիւններու զինանոցը սահմանափակում չի ճանչնար:

Յատկապէս Էրտողանի «որակ»-ով ճարտար ու հնարամիտ քաղաքական գործիչը ի վիճակի է, բեմագրութիւններու փոխընտրութեամբ, Հայաստանի նախագահին ուղղած Մեծ եղեռնի 100-ամեակի հրաւէրը ծառայեցնելու անձնապէս իր եւ թրքական պետութեան միջազգային վարկի բարձրացման…

Բայց ի՛նչ ալ ըլլայ Երեւանեան հրաւէրին ճակատագիրը, մտահան պէտք չէ ընել, թէ իրաւատէր հայութիւնը գործ ունի Թուրքիոյ նորընտիր նախագահի մը հետ, որ 21-րդ դարու ոճով «Ճիհատ» յայտարարած է «Հայկական պահանջատիրութեան» դէմ:

Պատահականօրէն չէր, որ նախագահական իր ընտրապայքարի բուռն պահերէն մէկուն ընթացքին, պր. Էրտողան ամբոխավարական բարկութեամբ յայտարարեց, թէ «վիրաւորական» կը գտնէ իր ընդդիմախօսներուն կողմէ իրեն ուղղուած «հայ» անուանարկումը…

Ստուգապէս չենք գիտեր, թէ պր. Էրտողան ի՞նչ մտատիպարով կը պատկերացնէ «հայ»-ը, որ ա՛յդ աստիճան «վիրաւորական» կը նկատէ այլապէս հպարտութիւն առթելու ամէն տուեալ ներշնչող «Հայ» անունը:

Բայց ստուգապէս գիտենք, որ հայ մարդիկ երկար ճամբայ կտրեցին հայութեան դէմ թրքական պետութեան կազմակերպած ու գործադրած Ցեղասպանութենէն ու Հայաստանի կործանումէն ասդին, որպէսզի ամէն թուրք թշնամի չնկատեն հայուն, ոչ ալ ցեղապաշտ ու հայամերժ թրքութեան մեղքը տարածեն ամէն թուրքի վրայ:

Եթէ հայ մարդիկ կամ հայ քաղաքական գործիչներ վիրաւորուած կը զգան, երբ զիրենք «թուրք» կ՛անուանեն իրենց հայ ընդդիմախօսները, պատճառը դառն ու դաժան գիտակցութիւնն է, թէ գոյութիւն ունի «թուրք»-ի այն տեսակը, որ անարգ ու դաւադիր չարագործ է, եւ որուն ձեռքը, խիղճը եւ յիշողութիւնը դեռ չեն մաքրուած բարբարոսաբար հեղուած անմեղ հայերու` մանուկներու եւ ալեւորներու, մայրերու եւ դուստրերու արիւնէն:

Պարզ է, որ Էրտողան «թուրք»-ը տիպական ներկայացուցիչներէն մէկն է Ցեղասպան թրքական պետութեան:

Բայց պարզ չէ Էրտողան «հայ»-ուն մտատիպարը:

Թուրքիոյ նախագահը ի՞նչ կը տեսնէ նահատակուած «հայ»-ուն մէջ, որ այդքա՜ն կը վիրաւորուի, երբ զինք «հայ» կ՛անուանեն իր թուրք ընդդիմախօսները:

 

 

 

Նախորդը

Սեպուհ Աբգարեանի Յիշատակին (1929-2014) (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Հանդիպում Եւ Յուշեր. Քերի Քաւանօ` Ամերիկացի Նախկին Համանախագահը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։