Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեպուհ Աբգարեանի Յիշատակին (1929-2014) (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

September 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

«Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան`
Նախ` կեա՜նքը, վերջը` լացող մ՛իր վրան»:
Պետրոս Դուրեան

0908_koharՔառասուն օրեր առաջ` 4 օգոստոսի չարագուշակ երկուշաբթի առաւօտուն, Դիմատետրէն կ՛իմանայինք անակնկալ մահուան գոյժը մանկապատանեկան տարիներու դասընկերոջս` ԳՈՀԱՐ համոյթի խմբավար, մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին, Նիկոսիոյ մէջ: Լուրը շշմեցուցիչ էր զինք մօտէն թէ հեռուէն ճանչցողներուն համար: Անցեալ տարուան գլխու վիրաբուժութիւնը մտահոգիչ երեւոյթ մըն էր: Իր կեանքին սպառնացող այս կացութեան մէջ, Սեպուհ անզօր կերպով իր մենութեան մէջ պիտի մաքառէր մահուան սպառնալիքին դէմ` ի վերջոյ իյնալու համար գիրկը յաւիտենականութեան: Հայ երգի ու երաժշտութեան սպասարկու սպիտակահեր Սեպուհը հրաժեշտ տուաւ այս սին աշխարհին` լուռ ու մունջ, թերեւս իր հարազատներէն ոչ մէկուն ներկայութեան: Վիրաբուժութենէն ի վեր Գիւմրիէն Նիկոսիա փոխադրուած էր` կազդուրուելու համար: Բայց ափսոս… «Մահը մերն է, ու մենք` մահինը», պիտի ըսէր գրագէտը:

1940-1941 դպրոցական տարեշրջանին սկսայ յաճախել Պէյրութի Ազգային Ս. Նշան  վարժարանը (Հայաշէնէն մինչեւ Ս. Նշան` հետիոտն)` իբրեւ երրորդ դասարանի աշակերտ, ուր ես ու Սեպուհը ուս¬ուսի նստեցանք (չորս տարի) առաջին գրասեղանը, մեր կողքին ունենալով Վարուժան Զաւէնը (այժմ` նշանաւոր ճարտարագէտ Պէյրութի մէջ) եւ Տրդատ Աբանեանը: Երկու ամիս ետք` Պէյրութի վրայ անգլիական օդանաւերու ամէնօրեայ ռմբակոծումներուն պատճառով, վարժարանի տնօրէն Յովհաննէս Արուսեանը կաթուածահար կ՛ըլլար «Ֆոշ» պողոտային վրայ գտնուող իր տան մէջ: Արշակ Օհաննէսեան նոր տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէր մէկ տարուան համար: Ապա` Եդուարդ Տարօնեան հրաւիրուեցաւ իբրեւ տնօրէն: Դպրոցի ուսուցչական կազմին մէջ պոլսահայ ուսուցիչներ ալ ունէինք: Մեր դասագիրքերը ընդհանրապէս Պոլիսէն կու գային այդ օրերուն:

Մենք բարեբախտութիւնը ունեցած էինք իբրեւ երգի ուսուցիչ ունենալու Կոմիտաս վարդապետի աշակերտներէն նշանաւոր Բարսեղ Կանաչեանը: Սեպուհը, ես, Վարուժանն ու Տրդատը երգչախումբի առաջին շարքին վրայ կը կենայինք, մինչ Կանաչեան ճպոտը ձեռքին` մեր գլխուն վերեւ իր թեւերը կը շարժէր, երգչախումբը ղեկավարելու համար: Վա՛յ անոր, որ սխալ ձայնով կ՛երգէր:

1944-ին (70 տարի առաջ), Ազգային Ս. Նշան վարժարանի նախակրթարանի բաժինը աւարտեցինք: Հանդիսութիւնն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան աւետարանականներու «Մեմորիըլ հոլ»-ին մէջ, ներկայութեամբ այդ օրերու Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի: Բարսեղ Կանաչեանի ղեկավարութեամբ փունջ մը գեղեցիկ երգերով հանդէս եկաւ աւարտական մեր դասարանը, խելայեղ ծափահարութիւններու արժանանալով: Այսպիսով, հրաժեշտ առինք մեր սիրելի վարժարանէն եւ դասընկերներէն:

Սեպուհ անդրանիկ զաւակն էր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հանրածանօթ եւ Հալէպի ու Պէյրութի ՀՄԸՄ¬ի տարիներու սկաուտապետ Լեւոն Աբգարեանին: Հալէպի եւ Պէյրութի ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչը եղած է Լեւոն Աբգարեան: Մեր դպրոցի մարզանքի ուսուցիչն ալ եղաւ տարիներով: Սեպուհի նկարագրային գիծերը աւելի կիպրահայ մօրը (տիկին Հերմինէ) կը նմանէին, քան իր խստապահանջ սասունցի հօրը: Լեւոն Աբգարեան ուսանած էր Հալէպի ֆրանսական լայիք վարժարանը եւ մասնագիտացած մարզանքի ասպարէզին մէջ:

Սեպուհ շատ պարտաճանաչ, կրթեալ, քաղաքավար եւ ազնիւ տղայ մըն էր: Մեր դպրոցական տարիներուն, Սեպուհ յաճախ ինծի պատմած է, թէ ինք ծնած է Լառնաքա-Պէյրութ գիծին վրայ երթեւեկող կիպրական ճամբորդատար նաւու մը մէջ, 1929-ին:

Աւարտելէ ետք Ազգային Ս. Նշան վարժարանը, Սեպուհին ծնողքը յաջողած էին զինք արձանագրել տալ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: Ուստի, 1945-ի ամրան, Սեպուհ Հայաշէն եկաւ` հրաժեշտ առնելու ինձմէ: Կիպրոս երթալէն ետք տարիներով նամակներ փոխանակեցինք իրարու հետ: Սեպուհ դարձաւ յառաջադէմ ուսանող մը Մելգոնեանի մէջ: Քանի մը տարիներ ետք հիմնադիրը եղաւ Կիպրոսի հայկական ռատիոժամին, զոր ձեռնհասօրէն վարեց ամբողջ 46 տարի: Ամէն կիրակի կէսօրէ ետք մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր գաղութները անհամբեր կը սպասէին հայկական գեղեցիկ երգերով հարուստ իր յայտագիրներուն:

Մելգոնեան հաստատութիւնը աւարտելէ ետք, Սեպուհ միեւնոյն հաստատութեան մէջ ուսուցչական պաշտօններ վարեց տարիներով: Իր երաժշտական ասպարէզին զարգացման համար Փարիզ գնաց, ուր մասնագիտանալէ ետք համապատասխան վկայական ստացաւ: Երաժշտութեան մէջ իր ունեցած արժանիքներուն կողքին ան եղած է նաեւ օփերայի երգիչ` ելոյթներ ունենալով զանազան գաղութներու մէջ:

1986¬ին եւ 1988¬ին ընտանիքովս Քուէյթէն Կիպրոս գացինք տարեկան արձակուրդի: Երկու առիթներով ալ Լիմասոլէն Նիկոսիա գացինք Սեպուհին այցելութեան: Շատ ուրախ կ՛ըլլար եւ խանդավառ` մեզ տեսնելով: 1988-ին Լիմասոլ եկաւ մեր մօտ` իր «Վոլզվակըն»-ով, հոն ամբողջ օր մը միասին անցուցինք:

Ինը տարի առաջ Սեպուհ իր ԳՈՀԱՐ համոյթով Թորոնթօ եկաւ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով: Միջնարարին` գիրկընդխառնուեցանք իրարու հետ: «Լեւո՛ն,- ըսաւ ,- քիչ ետք մտիկ ըրէ Սասնոյ երգերն ու պարերը»: Վերջին անգամն էր, որ կը հանդիպէինք: Երկու տարի առաջ Ուրուկուէյ գնաց իր ԳՈՀԱՐ համոյթով` խանդավառելով հայ երգի ծարաւն ունեցող տեղւոյն հայութիւնը:

Իր կորուստով ԳՈՀԱՐ համոյթը ընդհանրապէս եւ հայկական գաղութները մասնաւորաբար կորսնցուցին հայկական երգերու ջահակիր մը եւ երաժշտական բարձր մակարդակով օժտուած թանկագին մայեսթրօ մը:

Իր մեկնումով` յետ Եղեռնի առաջին սերունդին պատկանող Սեպուհը մեծ բաց մը թողած եղաւ իր ետին, մանաւանդ` սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ: Կ՛ուզենք յուսալ, որ ապագային նոր սեպուհներ պիտի գան լեցնելու այդ բացը` շարունակելու համար մեր սքանչելի ու աննման երգերու եւ երաժշտութեան երթը այս համայնակուլ աշխարհին մէջ:

Սիրելի՛ Սեպուհ, հիմա որ մեկնած ես այս տմարդ աշխարհէն, ինծի համար ուրիշ բան չի մնար ըսելիք, եթէ ոչ` գլխագիր յարգանք ու պատիւ հայ երգի, երաժշտութեան եւ մշակոյթին նկատմամբ ունեցած նուիրումիդ եւ վաստակիդ առջեւ:

Պտղունց մը խունկ եւ աղօթք` սիրելի՛ Սեպուհ, անթառամ յիշատակիդ եւ հողակոյտիդ վրայ:

Քանատա 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Ես Եմ» Յիսուս Քրիստոս` Մեր Ազատարարը…

Յաջորդը

Էրտողան «Հայ»-ը Եւ Էրտողան… «Թուրք»-ը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։