Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին շեշտեց, որ Մուքպելի հետ քննարկած է լիբանանեան-ռուսական զինուորական գործակցութեան ներկայ մակարդակը, ինչպէս նաեւ այդ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս նկատի ունենալով ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Լիբանանի յառաջատար դիրքը:
«Ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ միջինարեւելեան երկիրներուն եւ պէտք է զօրակցիլ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանող կողմերուն, այս պարագային նախ եւ առաջ` Լիբանանին», ըսաւ ան:


