
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մահսում «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքին անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքի օգնութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար:
Ըստ անոր, Իրաք այժմ յայտնուած է դժուար իրավիճակի մէջ եւ միջազգային ընտանիքի օգնութեան կարիքը ունի: «Եթէ ՏԱՀԵՇ Իրաքի մէջ յաղթէ, այս իսլամական կազմակերպութիւնը կրնայ այլ երկիրներու մէջ տարածուիլ», նշած է Իրաքի նախագահը` աւելցնելով, որ իր երկիրը յաջողութեան կրնայ հասնիլ Միացեալ Նահանգներու եւ դրացի երկիրներու հետ համագործակցութեան պարագային:
Մահսում նշած է, որ իրենք տակաւին չեն դիմած ՕԹԱՆ-ի օգնութեան, սակայն օգնութեան խնդրանքով դիմած են դաշինքի առանձին անդամներուն: «Մեզի անհրաժեշտ է ժամանակակից զէնք եւ մասնագէտներու օգնութիւն, իսկ զինուորական գործողութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կրնանք ինքնուրոյն կազմակերպել», նշած է ան:
Նախագահը նաեւ նշած է, որ մօտակայ օրերուն պիտի կազմաւորուի Իրաքի նոր կառավարութիւնը եւ այդ հարցով կը զբաղի վարչապետ Հայտար Ապատին:
Նախապէս ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարած էր, որ ՕԹԱՆ լրջօրէն պիտի քննարկէ Իրաքի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջամտութեան որեւէ խնդրանք:
Մինչ այդ, փեշմերկաները երէկ յայտարարեցին, որ ամերիկեան օդուժին օժանդակութեամբ ձեռնարկած են Մուսուլի դէմ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան մը:
Միւս կողմէ, Պոսնիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 15 ծայրայեղականներ, որոնք կը կարծուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռիւներուն մասնակցած ըլլալ եւ որոնք պալքանեան երկիրներէն ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կռուելու համար զինուորագրումներ ու ֆինանսաւորում կատարած են:


