ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
1969-ի աշնան Լիբանանի հայութեան ծոցին մէջ անժամանակ կը շիջէր, հազիւ 27 գարուններ բոլորած Գէորգ Կակոսեան` բամբ ու թաւ ձայնով նորածաղկ երգիչը: Գուժը կը հասնէր Գահիրէէն, ուր մեկնած էր Գէորգ Պէյրութէն` երգահանդէսի մը հրաւէրով: Երգահանդէսը կը կատարուէր յաջողութեամբ, բայց յաջորդ օրն իսկ շնորհաւորողներու ուրախ խօսքերուն կը միանար անհաճոյ, տխուր լուրը: Երգահանդէսի յաջորդ օրն իսկ արդէն կը գտնուէր Գահիրէի մէկ հիւանդանոցը, ուրկէ մէկ-երկու օր ետք դուրս կու գար Գէորգին անշունչ մարմինը: Շշմեցնող, անհաւատալի էր գուժը, բայց նոյն ատեն` իրականութիւն: Դագաղը կը հասնէր Պէյրութ, ուր կը կատարուի թաղման կարգը Նոր Հաճըն թաղի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ծովածաւալ սգակիրներու ներկայութեան, ուր կը խօսին դամբանականներ` Գնէլ եպս. Ճերէճեան եւ Գ. Կարպիսեան վարդապետ:
***
Տարաբախտ արուեստագէտին ողբերգական մահը կը ցնցէր ոչ միայն երգիչին ընտանիքին անդամները, բարեկամները, այլ անոր պատճառած խոր վիշտը մղեց եղբայրը, Յակոբ Կակոսեանը, որ 40 երկար տարիներ տրամադրեց եղբօրը յիշատակին նուիրելու այս յիշատակարան հատորը, եւ խտասալիկ մը, ուր ներկայացուած է Գէորգ Կակոսեան արուեստագէտի կարճատեւ, բայց բեղուն կեանքին դրոշմը:
Նկարազարդ, գեղատիպ, բծախնդրութեամբ եւ անհուն հոգատարութեամբ պատրաստուած հատոր մը, ուր արձանագրուած են երգիչին կարճատեւ արուեստի կեանքին հանգրուանները, կատարած երգահանդէսները Լիբանանէն դուրս` Հայաստան, Իտալիա, Եգիպտոս եւ այլ վայրերու մէջ: Գէորգ ունէր իւրայատուկ ձայնային, լարեր, զորս կ՛օգտագործէր ամենայն վարպետութեամբ եւ հմայքով: Մեր ականջներուն մէջ կը հնչէ տակաւին անոր «Լարիտ թըմպըրլա, լա, հա, հա, հան»-ներ, այնքան եռանդուն եւ խանդավառութիւն սփռող: Իր առողջ ծիծաղը կը վարակէր շրջապատը: Ու կը զարմանաս իբրեւ Գէորգին ասպարէզին մօտէն ծանօթ անձ, թէ ինչպիսի՞ ախտ մըն էր այդ, որ երգահանդէսէ մը ետք զինք հեռացուց կեանքէն…
Հատորը կը ներփակէ Գէորգ Կակոսեան երգիչի կեանքէն դրուագներ եւ պատումներ, իր մասին գրուած յօդուածներ: Գրութիւններ կան «Այգ», «Արարատ», «Զարթօնք», «Ազդակ» օրաթերթերու եւ Լիբանանի մամուլէն` «Լը սուար» Լ՛օրիան Լը ժուր», «Ռըվիւ տիւ լիպան», «Մակազին» եւ արաբատառ այլ թերթեր դրուատած են պաս ձայնատեսակի երգիչին իւրայատուկ արուեստը:
Հատորը կը բովանդակէ երգիչին մահուան առիթով գրուած դամբանականներ, սրտի խօսքեր, իր արուեստին վերաբերեալ վկայութիւններ:
Գէորգ Կակոսեանի կեանքին ու արուեստի ճամբուն վերաբերեալ բազմաթիւ գրութիւններ ներփակուած են հատորին մէջ, որ գրաւոր յուշարձանի մը բնոյթը կը կրէ: Ոչինչ մոռցուած է երգիչին հետ կապուած գրութիւններու արձանագրութեան վերաբերեալ: Գէորգ Կակոսեանի յիշատակին ընծայուած այս ալպոմ–հատորը լաւագոյն զգացումները կ՛արտայայտէ եղբօր մը կողմէ իրագործուած, արուեստասէր եղբայր մը` Յակոբը, որ նիւթական եւ բարոյական ոչինչ խնայեց իր սիրեցեալ եղբօր յիշատակը վառ պահելու: Ան ոչինչ խնայած է նիւթական եւ բարոյական իմաստով, սրտանց իրագործուած ներդրում մը, որ վաղամեռիկ երիտասարդ արուեստագէտին հոգին կը լուսաւորէ: Այս մասին արտայայտուած են բազմաթիւ թերթեր` գնահատելով կատարուած անխոնջ, երկարատեւ նուիրումը եղբօր մը սիրոյն: Օրինակելի վերաբերում…
Գէորգ Կակոսեանի
Երգերուն Խտասալիկը
Յակոբ Կակոսեանի երկրորդ պարտքն ու պարտականութիւնը եղած է ի մի բերել երգիչին երգերը, մասնաւորաբար համերգային շարքերէն դուրս մնացած երգեր, տարբեր առիթներով եւ այլազան ձեռնարկներու միջոցին երգուած երգեր, որոնց զտումը եւ արձանագրութիւնը իրագործած է ան եղբայրական անհուն սիրով:
Խտասալիկին վրայ արձանագրուած են 14 երգ. եօթը երգ հայերէն եւ եօթը օտարալեզու երգեր:
Գէորգին ձայնը թաւշային երանգ մը ունի, որ ճկունութիւն կ՛արտայայտէ նոյն ատեն: Իւրայատուկ ձայն մը` ի վերուստ օժտուած, շնորհալի արտայայտչականութեամբ: «Ձայն տուր ով ծովակ»-ը եւ «Բամբ որոտան»-ը տարբեր ձայնանիշներով յօրինուած` ան կ՛երգէ երգին պահանջած ոճով, մերթ թաւ եւ մերթ շոյող նրբութեամբ:
19-րդ եւ 20-րդ դարերու հեղինակներու ստեղծագործութիւններ են, հեղինակներուն ծանօթագրութիւններով: Կոմիտաս վարդապետը ունի իր արժանի տեղը երգացանկին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի ռուս, անգլիացի եւ ֆրանսացի երգահաններու ստեղծագործութեանց, այդ մասին արդէն արտայայտուած են նշանաւոր երաժիշտներ, թէ Գէորգ ունի թաւշային բամբ ու թաւ ձայն մը, որ կը հիացնէ ամէն ազգի ունկնդիր:
Գէորգ Կակոսեան, բացի Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցի իր վկայականէն, երեք տարի հետեւած է Երեւան Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ երաժշտութեան կեդրոններուն բարձրագոյն ուսումնարաններուն մէջ հետեւած է մեկնաբանութեան, արտայայտչականութեան եւ ձայնային որակաւորման դասընթացքներու արժանանալով ուսուցիչ-դասատուներու խրախոյսին: Գէորգին ձայնին տեսակը, գոյնը եւ որակը բացառիկ երանգաւորումներ ունի, այսպէս արտայայտուած են երգի եւ ձայնամարզութեան վարպետները Գէորգ Կակոսեան ինքնավստահ է, բայց` ոչ գոռոզ: Գիտակից է իր կարողութեան, կը գիտակցի արուեստի զօրութեան եւ ինքզինք ազնուացնելու կոչումին: Համեստ տղան էր ան կեանքի մէջ, բարեկամը ամէնուն: Մէկ ոտքը Լիբանանի մէջ, միւսը` Հայաստան, յետոյ կը լսենք, թէ մեկնած է Իտալիա, երգած է Սիենայ (Իտալիա) երգի մայրաքաղաքին մէջ` հիացնելով նոյնիսկ իր ուսուցիչները:
Այսքա՛ն որակ եւ այսքա՛ն յաջողութիւն: Բայց բախտը եղաւ դաժան, ի՜նչ օգուտ: Այսուհանդերձ, գիտենք, որ «Ճառագայթը չի թաղուիր» իմաստուն խօսքը կայ, ի վերջոյ, շնորհիւ Յակոբ Կակոսեանի եղբայրական անհուն սիրոյն, չմոռցուեցաւ տարաբախտ Գէորգ: Ան կ՛երգէ մեր մէջ իր ձայնապնակով, կը կարդանք իր կեանքին եւ գործին մասին ի յարգանս իր յիշատակին լոյս ընծայուած հատորին մէջ, ոչինչ մոռացութեան տրուած:
Կակոսեան Գէորգ չէ մեռած, ան կ՛ապրի մեր մէջ, որովհետեւ անոր յիշատակը չէ թառամած, կը շարունակէ ապրիլ իր երգերով:


