ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Սա վերջին շրջանին անօրինակ տերեւաթափ մը կ՛ապրինք:
Գրեթէ ամէն օր գոյժ մը, բօթ մը կը հասնի մեզի, ու մենք ալ ստիպողաբար` շարունակ մահազդ ու մահագրական կը գրենք, կ՛ողբանք երեւելի դէմքի մը, ազգային արժէքի մը կորուստը:
Քանի մը օր առաջ գոյժ մըն ալ հասաւ Երեւանէն: Ցաւով իմացանք, որ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ (ուր կայք փնտռելու գացեր էր վերջերս` խոյս տալով Հալէպի գեհենէն), իր մահկանացուն կնքեր էր հալէպահայ գաղութի բազմաշխատ երիցագոյն դէմքերէն մին եւս` երկարամեայ կրթական մշակ ու վաստակաւոր դպրապետ եւ երաժշտապետ Ժիրայր Իսկէնեան:
Ճիշդ 90 տարեկան էր: Այլ խօսքով` շահած էր լիովին ապրուած կեանք մը: Ու այդ բեղմնաւոր կեանքին ամբողջ արգասիքը լիաբուռն տուած էր միայն ու միայն ՀԱԼԷՊԻՆ` թէ՛ եկեղեցական ճակատի վրայ, թէ՛ ալ կրթական-մշակութային առումով:
Հանգուցեալ Ժիրայր Իսկէնեան Հալէպ ծնած էր 1924-ին, այնթապցի ծնողներէ: Նախակրթութիւնը ստացած էր Կիլիկեան վարժարանը, յետոյ ալ բախտն ունեցեր էր ժառանգաւոր սան դառնալու Անթիլիասի նորաբաց Դպրեվանքին: Հո՛ս է, որ հմտացեր էր եկեղեցական շարականագիտութեան մէջ, ինչ որ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլար իրեն հետագային, քանի որ Հալէպ վերադարձին` դպրապետութիւնը պիտի դառնար իր գործունէութեան հիմնական կալուածը: Երեւակայեցէ՛ք,- 1944-էն սկսեալ մինչեւ 2000 թուական, լման 55 տարի, ան դպրապետի շապիկը չէ՛ր հանած վրայէն, ու ամէն կիրակի (տարին 52 շաբաթ…) իր հետեւակ դպիրներուն գլուխը կանգնած` պայծառացուցած էր Ս. պատարագի արարողութիւնները: Այդ 55 տարիներէն 47-ն` Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն խորհրդանիշներէն մին դարձեր էր իրաւամբ: Իր օրով, այս եկեղեցւոյ դպրաց դասու անդամներուն թիւը հասեր էր 115-ի…:
Ժիրայր Իսկէնեան կանուխէն ընդգրկեր էր նաեւ կրթական ասպարէզը: Նախ դասաւանդեր էր Կիլիկեանի մէջ, յետոյ 50-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 1979` վարեր էր Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ արուարձանի (որ հիմա, պատերազմի բերումով, աւերուած ու թալանուած է մեծաւ մասամբ…) երբեմնի Սեդրակ Մեսրոպեան վարժարանի (ՀԲԸՄ-ի ենթակայ) տնօրէնութիւնը: Աւելի ուշ, 1980-95, պիտի պաշտօնավարէր Մխիթարեան վարժարանին մէջ, իբրեւ հերթապահ ու մերթ դասատու:
Իր սրտին ու հոգիին անբաժան մասն էր նաեւ երաժշտական կալուածը: 50-ական թուականներուն հիմնած ու երկար տարիներ ղեկավարած էր «Սպենդիարեան» երգչախումբը, Բարեգործականի հովանաւորութեամբ, համերգներ սարքելով Հալէպէն մինչեւ Երեւան…: Շրջան մը, Կրթասիրաց մշակութային միութեան երդիքին տակ ալ կազմեց ու ոտքի հանեց «Առնօ Բաբաջանեան» անունով երգչախումբ մը: Գնահատուած էր ոչ-հայկական շրջանակներէ ալ եւ ձայնամարզութեան դասատու էր Հալէպի պետական երաժշտանոցին մէջ (1965-2001):
Ֆիզիքապէս առողջ ու տոկուն մարդ էր: Կը սիրէր լողալ ամառ-ձմեռ, ու անոր մէջ կը գտնէր իր երկարակեացութեան գաղտնիքը…:
Հալէպահայութիւնը յոբելենական հանդիսութեամբ մը հրապարակաւ մեծարած ու գնահատած էր զինք, արժանացուցեր էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի (1985, Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ձեռամբ):
Հասուն եւ լեցո՛ւն կեանք մը, որ նախախնամական կարգադրութեամբ մը երջանկօրէն վերջ կը գտնէ հայրենի հողին վրայ …:
Հանգի՜ստ իր ոսկորներուն:
Հալէպ


