Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սըրին Յիշատակին

September 6, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ-ԲԱՆՈՅԵԱՆ

1380072_600503706700722_1538688528_nՕգոստոսի պայծառ առաւօտ մը յիշած էի զինք եւ` շատ նեղուած. Լիբանանի յաճախակի այցելութիւններուս մոռցած էի իրեն այցելել. «Հոգ չէ, յաջորդին անկասկած չեմ մոռնար», մտադրած էի: Հասած էր փետրուարը, եւ արդէն ուշ էր, շա՜տ ուշ… մեղաւորի զգացումը կը կրծէր զիս, յարատե՛ւ. աններելիօրէն թերացած էի:

Սըր, բուն անունով` Անթուան Քեհեայեան, եղած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի անգլերէն լեզուի իմ շատ սիրելի ուսուցիչս:

Սակաւաթիւ են այն  ուսուցիչները, որոնք կը փայլատակեն իրենց աշակերտներուն յիշողութեան մէջ առ յաւէտ:

Սըր կը պատկանէր յատուկ փաղանգի մը, Ճեմարանի պատմական տարիներուն: Ինծի համար միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է միմիայն մէկ Ճեմարան, այն ալ` Արեւմտեան Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, իր պատկառելի հնադարեան կեդրոնական շէնքով, պարտէզներով, «Վասպուրական» սրահով, տպարանով, գրախանութով եւ գիշերօթիկով: Այդ օրերուն ճեմարանական ըլլալ` կը նշանակէր աշակերտել հոյլ մը ուսուցիչներու, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը դրած էին ճեմարանական սերունդներուն վրայ. Ճեմարանն ու անոնց անունները հոմանիշներ էին: Սըր այդ ուսուցիչներէն մէկն էր:

Մենք Սըրը անգլերէն լեզուի ուսուցիչ ունեցանք միջնակարգի տարիներուն: Եւրոպացիի նմանող, պարթեւ հասակով, յարգանք պարտադրող անձնաւորութիւն մըն էր. երբ մուտք գործէր դասարան, անմիջապէս կը տիրէր քար լռութիւն. կամացուկ` ան կը գրաւէր իր աթոռը եւ կը սկսէր խօսիլ միշտ մեղմ ու հանդարտ ձայնով. բոլորիս դէմքերը կը լրջանային. կը սպասէինք իր հրահանգին. դասարանը այնքան լուռ կ՛ըլլար, որ ճանճի մը տզզիւնն անգամ լսելի կը դառնար:

Սըր ունէր անգլերէն լեզու դասաւանդելու իր իւրայատուկ ոճը. դասագրքերու գերի մը չէր Սըր: Առաջին հերթին կը կեդրոնանար բայերուն վրայ, երկա՜ր, երկա՜ր շաբաթներ. կեանքիս մէջ շատ ուշ էր, որ պիտի գնահատէի անվերջանալի այդ պահերուն կարեւորութիւնը. յետոյ կարգը կու գար անգլերէն լեզուն լաւ կարդալու, ճիշդ հնչելու եւ ճիշդ ուղղագրութեամբ գրելուն. մասնաւորապէս կը կեդրոնանար լեզուի գեղեցիկ, կարելի եղածին չափ հարազատ առոգանութեան վրայ. արդէն իսկ, երբ Սըր անգլերէն խօսէր, դժուար կը կռահէինք, թէ հայ էր ան: Անձնապէս Սըրը կը նմանցնէի անգլիացի լորտի մը. Սըր կը յատկանշուէր իր Simca-ով. յիսունական թուականներու մոտել գոց կապոյտ Simca մըն էր. Սըր ունէր իր անձնական շարժավարը` պրն. Յարութիւնը, որ կը գտնուէր իր տրամադրութեան տակ, շաբթուան վեց օրերուն: Եթէ պրն. Յարութիւնին կողքին butter մըն ալ աւելցուցած ըլլայինք, ամբողջացուցած կ՛ըլլայինք, Սըրին «լորտի» այս գրաւիչ պատկերը…

Ամենահետաքրքրականը պըրըվէի դասարանն էի հոն. պարտաւոր էինք speech պատրաստելու. պէտք էր ընտրէինք կարճ պատմութիւն մը եւ «գոց» սորվէինք ճարտասանի նման ներկայացնէինք դասարանին դիմաց. շա՛տ դժուար էր:

Խոստովանիմ, որ անգլերէնը կը գրաւէր «անկարեւոր» նիւթերու եւ յատկապէս «տգեղ լեզուներու» անձնական ցուցակիս առաջին կարգերէն մէկը. բայց եւ այնպէս, speech-ին գաղափարը շատ խանդավառած էր զիս եւ այդ իսկ պատճառով որոշած էի տպաւորել Սըրը:

Ընտրեցի քրոջս անգլիական գրականութեան դասագրքէն «THe Sniper» վերնագրով, «մեծ» բառերով, իրլանտացի հեղինակի մը գրութիւնը. «Ryan’s Daugther» շարժապատկերէն ներշնչուած ընտրած էի այդ գրութիւնը: Իրլանտացի բողոքական կաթողիկէ հակամարտութիւններու մասին էր, տխուր, բայց գեղեցիկ պատմութիւն մըն էր: Եթէ չսխալիմ, երկու շատ երկար տքնաջան ամիսներ տրամադրած էի speech-իս պատրաստութեան համար: Հասած էր նշանաւոր օրը, եւ երբ յոգնած` աւարտած էի speech-ս, անհամբեր սպասած էի Սըրին շռայլ գովասանքներուն. փոխարէնը` «thank you, next» ըսելով, Սըր տեղս ճամբած էր զիս: Յուսախաբ եղած էի, շա՛տ:

Շաբաթներ կ՛անցնէին եւ իմ նեղութիւնս կամաց-կամաց կը փարատէր. կ՛անդրադառնայի, որ Սըրին speech-ները անգլերէն լեզուով արտայայտուելու լաւագոյն վարժութիւններն էին. Սըրին համար գրութեան որակը այնքան ալ կարեւորութիւն չունէր, որքան` ներկայացնելու ձեւը. ես բառերս կուլ տալով, նայուածքս գետին, արագ-արագ speech տուած էի. վստահաբար ընկերներս մէկ բառ իսկ չէին հասկցած, ուստի speech-էն զատ ամէն ինչի կը նմանէր: Բայց եւ այնպէս, աշակերտուհիի հոգեբանութեանս խորքը քաջ կը գիտակցէի, թէ Սըր հոյակապ ուսուցիչ էր, իսկական մանկավարժ, ուղիղ դատողութեամբ օժտուած, անկողմնակալ ուսուցիչ ներսէսին աղջիկը ըլլալու իրողութիւնը կացութենէն ոչինչ կը փոխէր…

Սըր միայն անգլերէն լեզուի ուսուցիչ չէր ինծի համար, այլ` ընտանիքի մօտիկ բարեկամ, հօրս մտերիմ ընկերներէն մին:

Սըր Եղեռնէն ճողոպրած հայ մըն էր, ինչպէս` իր բոլոր տարեկիցները, մատղաշ տարիքէն ճակատագիրը զինք նետած էր Կիպրոս, ուր ստացած էր անգլիական եւ ֆրանսական ուսում. հետեւաբար առիթ չէի ունեցած սորվելու իր մայրենի լեզուն: Հետագային, Լիբանան փոխադրուելէ ետք, Լեւոն Շանթի անդրդուելի պնդումներուն վրայ դարձած էր Ճեմարանի անգլերէն լեզուի անփոխարինելի ուսուցիչը` իր դէմ փակելով շահաւէտ շատ մը ուրիշ ասպարէզներու առիթները: Շուտով նշանակուած էր գիշերօթիկի պատասխանատու, պաշտօն մը, որ ան վարեց մինչեւ լիբանանեան պատերազմի սկիզբը. այսպիսով, Սըր դարձած էր Ճեմարանի մէկ մասնիկը, որուն ընդմէջէն վերագտած էր իր ինքնութիւնը, ազգը:

Սըր յաճախ կը յիշէր իր պապենական տունը, Արեւմտեան Հայաստանի մէկ գիւղաքաղաքը, ուր վայելած էր իր հօրը շնորհած ճոխ ու  փարթամ կեանքը. կը յիշէր ու կը յուզուէր հօրմէն յափշտակուած անծայրածիր կալուածները եւ անհամար ինչքերը. կ՛երազէր բախտաւոր մէկ օր` վերադառնալ հոն ու վերատիրանալ այդ բոլորին: Սըր հայ կաթողիկէ էր. մօտէն ճանչնալով զինք` խորապէս համոզուած էի, որ երբեւիցէ, հրաշքի մէկ ցպիկով եթէ Սըր կարողանար իրականացնել, իր երազը, ան իր վերագտած հարստութիւնը անպայմանօրէն պիտի բաշխէր հոս ու հոն, որբանոցներու, չքաւորներու, կարօտեալներու` անտեսելով իր անձնական հաճոյքները: Սըր ճշմարիտ քրիստոնեայ էր, ազնիւ, գթասիրտ ու աստուածավախ:

Սըր, ինչպէս յիշեցի վերը, Ճեմարանի գիշերօթիկի պատասխանատուն էր: Հոն կը հաւաքուէին աշխարհի չորս կողմերէն հայ ծագումով պատանի տղաք ու աղջիկներ, որոնք կու գային Ճեմարան` ամբողջացնելու համար իրենց երկրորդական ուսումը, պայմանաւ որ տիրանային հայոց լեզուին եւ գրականութեան:

Շատ յաճախ կ՛այցելէի գիշերօթիկ, ունէի իմ նախասիրածներս, ամերիկահայ` Ռոպինը, Սինտին եւ յունահայ` Հայկանը: Գիշերօթիկի տղոց եւ աղջիկներու կռիւները, սիրահարութիւնները, անձնական տեսակ-տեսակ դժուարութիւնները կը տեղեկանայի Հայկանէն. վերջապէս Հայկան սրտակիցի մը կարիքը ունէր. բայց իրմէ  գաղտնի  կը մեղքնայի գիշերօթիկներուն դաժան կեանքին, հօրենական տուներէ հեռու, մայրական գուրգուրանքէ զրկուած, ծովերէ, ովկիանոսներէ անդին, օտար երկրի մէջ իրենց մատղաշ հասակին: Բարեբախտաբար անոնք բոլորը Սըրին մէջ կը գտնէին իրենց երկրորդ հայրը, մեծ եղբայրը: Սըր կը հոգար իրենց հօր մը պէս կ՛ընկերանար իրենց տարեկիցի մը, մեծ եղբօր մը պէս, մտիկ կ՛ընէր, կը լսէր իրենց բոլոր դժուարութիւնները, ուշի ուշով, եւ ամէն տեսակի տագնապներուն տեղեակ կ՛ըլլար, եւ անշուշտ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէր բոլորին անխտի՛ր. կը պաշտէին զինք. բոլո՛րը, բոլո՛րը: Սըր ճիշդ անձն էր, ճիշդ պաշտօնի վրայ:

Տարիները կը սահէին արագ, եւ մենք շուտով պիտի հասնէինք աւարտական դասարան: Անգլերէն լեզուով իրենց ուսումը շարունակել ուզողները, պարտաւոր էին հաւաքելու անգլերէն լեզուի համալսարանական մուտքի քննութեան նուազագոյն միջինը: Այս կէտը բացարձակ կերպով չէր վերաբերեր ինծի, որովհետեւ մօրմէս ժառանգած` թունդ ֆրանսասէր մըն էի, եւ որոշումս տուած էի արդէն, եւ ուսումս պիտի շարունակէի ֆրանսական համալսարանի մէջ եւ վե՛րջ: Սակայն երկու տարբեր ազդակներ եկան խանգարելու ծրագիրներս. նախ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը թոյլ չէր տար ինծի ապահով շրջագայելու արեւմտեան Պէյրութէն դէպի արեւելեան Պէյրութ. յետոյ` ֆրանսասէր մայրս յանկարծ դիրք փոխեց եւ, միանալով հօրս, սկսան ձեռք ձեռքի ճնշում բանեցնել` պաշտօնի կանչելով Սըրը. ծնողքս կը փորձէին զիս կասեցնել «յիմար» որոշումէս` միշտ օրինակ բերելով «իմաստուն» դասընկերներս, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընտրած էր անգլերէնը` ֆրանսերէնի փոխարէն, շարունակելու համար իրենց համալսարանական ուսումը. Սըր կը յորդորէր զիս հետեւելու ծնողքիս խրատներուն եւ ընտրելու անգլերէնը, որ արդէն իսկ կը դառնար համաշխարհային լեզու օր ըստ օրէ, տարուէ տարի, արագ մակընթացութեամբ… Սըրին հանդէպ ունէի մեծ յարգանք. վերջապէս Սըր յաջողեցաւ համոզել զիս` մեծ ուրախութիւն պատճառելով ծնողքիս: Համալսարանական ուսումս ստացայ անգլերէնով:

Տարիներ ետք բաժնուեցայ Լիբանանէն. կ՛աշխատէի ընկերութեան մը մէջ, ուր օրէ օր կը գնահատուէի, կ՛ընդլայնէի հորիզոններս, եւ որուն ընդմէջէն կը սերտէի corporate Ամերիկան: Կ՛անդրադառնայի, թէ բախտաւոր եղած էի ունենալու համար Սըրին նման անգլերէնի ուսուցիչ մը, ժպիտով է, որ կը յիշէի ֆրանսասիրութեանս օրերը, որոնք այլեւս դարձած էին հինցած պատմութիւն:

Պատերազմը ցրուած էր իմ դասընկեր-դասընկերուհիներս աշխարհի  չորս անկիւնները. շատերը բնակութիւն հաստատած էին Քանատա, Ամերիկա: Զանազան առիթներով կը պատահէր, որ վերագտնէի զիրենք. մեր խօսակցութիւնը կը սկսէր բնականաբար մեր Ճեմարանի օրերէն, մանկութեան եւ պատանեկութեան մեր յիշատակներէն, սիրելի եւ ո՛չ սիրելի մեր ուսուցիչներէն զուարճալի շատ մը դրուագներով եւ կ՛ամբողջանար մեր երկար ծիծաղներով… յանկարծ շատերը կը լրջանային ու կը հարցնէին ինծի` «Սըրը ի՞նչ եղաւ, դեռ դաս կու տա՞յ Ճեմարան…», ու դէմքերնուն վրայ կ՛ուրուագծուէր անուշ ժպիտ մը եւ աչքերնուն մէջ կը փայլէր կայծ մը, անոնք կը յիշէին յանկարծ Սըրը…

Սըրը եղած էր այս բոլոր կանուխ գաղթող դասընկեր, դասընկերուհիներուս փրկութեան լաստը, իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ Սըր թարգմանած էր իրենց ուսումնական վկայագիրները` հայերէնէն անգլերէնի. անոնք ներկայացած էին ամերիկեան երկրորդական դպրոցներու տնօրէններուն` սպասելով անոնց կարգադրութիւններուն, ուսումնական կարեւոր որոշումներուն, դիւրին չէր փոխել ուսումնական համակարգերը. իրենց ճակատագիրն էր, որ կ՛որոշուէր. սակայն քաջ գիտէինք, թէ շնորհիւ Սըրին` բաւական տիրացած էին անգլերէնին, ֆրանսերէնին կողքին. ասոնց մէջ Արտան` Նիւ Ճըրզի-ի ընկերուհիս գրաւեց ուշադրութիւնս: Արտան պատմեց, թէ ինչպէս Սըրին շնորհիւ  վաւերաթուղթերուն, անգլերէնի թարգմանուած ուսումնական վկայագիրներուն` իր եղբայրն ու քոյրը դասարան «ցատկած» էին. ամերիկացի տնօրէնը շատ աւելի բարձր գնահատած էր տասներորդ եւ տասնմէկերորդ դասարաններուն դասաւանդուած գիտական եւ թուաբանական դասերը Ճեմարանի մէջ, քան թէ իր ամերիկեան դպրոցին մէջ դասաւանդուող նոյն նիւթերը… Արտան այնքա՛ն երջանիկ էր, այնքա՛ն երախտապարտ Սըրին. ընտանիքով գացած էր Լիբանան, յատկապէս այցելած էր Սըրին եւ ապրած յուզիչ, անուշ յիշատակներով լեցուն պահեր Սըրին հետ:

Սիրելի՛ Սըր, գիտեմ, թէ այս գրութիւնս ուշացած է, գիտեմ, թէ դուն չկաս ալ, չկաս, ֆիզիքապէս չկաս մեր մէջ, բայց կա՛ս ու պիտի մնա՛ս քու սիրասուն աշակերտ, աշակերտուհիներուդ սրտերուն խորքը, ուր դրոշմած ես աննման ուսուցիչի մը անթառամ յիշատակը` մի՛շտ վեհ, մի՛շտ առաքինի, մի՛շտ սիրելի, լոյսերու մէջ ճաճանչող մեր աննման ուսուցիչին յիշատակը:

 

Փետրուար 2014, Պոսթըն

Նախորդը

Վաղամեռիկ Երգիչ Գէորգ Կակոսեանի Յիշատակին. Կենսագրական Այս Հատորը

Յաջորդը

Երիտասարդներու Հետ Հոգեւոր Զրոյցներու Շարքին Երկրորդը Տեղի Ունեցաւ Երէկ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.