Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուրօ Գեւգէօզեան Պիտի Չմասնակցի Նաեւ Դանիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

September 5, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0904_mauroԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am կ՛անդրադառնայ Ալիանսա խումբին (Փերու) հետ հանդէս եկող Մաուրօ Գեւգէօզեանի` նշելով, թէ ան ինչո՞ւ իր մասնակցութիւնը չբերաւ նախորդ 3 սեպտեմբերին Լաթվիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:

Նախորդ օգոստոսին յայտարարուեցաւ, որ ան պիտի չմասնակցի Լաթվիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, բայց եւ այնպէս ան քիչ մը ուշ պիտի ժամանէ Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակըն` մասնակցելու համար Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին, նոյնինքն Դանիոյ դէմ:

Սակայն այժմ ի յայտ եկած է, որ ան ոչ միայն այդ մրցումին պիտի չմասնակցի, այլ երբեք հանդէս պիտի չգայ Հայաստանի ազգային խումբին հետ:

Իր լուրը քաղելով Ուրուկուէյի հայկական համայնքէն` ArmSport.am  կը յայտնէ, որ Մաուրօ Գեւգէօզեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն պահանջած է ունենալ բարձր կարգի օդանաւի տոմս մը եւ օգտուիլ «Ամերիքըն Էրլայնզ»-ի էքսքլուզիվ կարգի տոմսակէն, որուն արժէքը 12-էն 15 հազար ամերիկեան տոլար է, որովհետեւ Փերուէն Դանիա հասնելու համար կը պահանջուի 23 ժամ:

Նշենք, որ ան այս նոյն պահանջը ներկայացուցած էր 2013-ին, երբ Հարաւային Ամերիկայէն մեկնած էր Ֆրանսա` Լիւքսամպուրկի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն առաջ:

Գեւգէօզեան Հայաստանի հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց 26 մայիս 2014-ին, երբ մասնակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:

Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք այս մրցումին Հայաստանէն բացակայ պիտի ըլլան նաեւ Արազ Օզպիլիս, Եուրա Մովսիսեան, Արտակ Եդիգարեան, Վալերի Ալեքսանեան եւ շատ հաւանաբար Ռոպերթ Արզումանեան (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով):

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Սպանիա, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ Եւ Սլովենիա` Ցարդ Անպարտելի

Յաջորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ. Ռոման Պերեզովսքի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.