
«Առ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ռուս քաղաքական գործիչ Վլատիմիր Ժիրինովսքի ցանկութիւն յայտնած է դառնալու Նովոռոսիայի նախագահ:
Ժիրինովսքի այդպէս պատասխանած է, երբ լրագրողները անոր յիշեցուցած են, որ Ուքրանիոյ մէջ անոր դէմ քրէական գործ յարուցուած է Տոնպասի զինեալները ֆինանսաւորելու մեղադրանքով:
Ան ալ ըսած է, որ Ուքրանիա պիտի երթայ միայն այն բանէն ետք, երբ Քիեւի մէջ ռուս անկարգելաւորներ էջք կատարեն:
Վերջին շրջանին ռուսական իշխանութիւնները Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն համար սկսած են օգտագործել «Նովոռոսիա» անունը:


