ԵՕԹԸ ՀԱՅԵՐ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ
ՄԱՐԶԻՉԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆ ՍՏԱՑԱՆ
Պասքեթպոլի լիբանանեան Ֆետերասիոնի եւ ՕՍՍԻՒԻ հրաւէրով, ֆրանսացի հռչակաւոր մարզիչ Ռոպեր Պիւսնել անցած երկուշաբթի 10 յուլիսէն մինչեւ հինգշաբթի 14 յուլիս պասքեթպոլի մարզիչի դասեր տուաւ 15-16 լիբանանցի երիտասարդներու, որոնք այնուհետեւ քննութիւն անցընելով` ստացան Ֆրանսական Ֆետերասիոնին կողմէ տրուած համապատասխան վկայականը:
Վկայուածներուն մէջ կան 7 հայեր, 5-ը ՀՄԸՄ-ական, 2-ը` ՀԵԸ-ական.
Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Մակար Պալըգճեան, Աբրահամ Սվաճեան, Ալեքքօ Պեզիքեան, Մորիս Տամկաճեան (ՀՄԸՄ), Հրաչ Մանուկեան եւ Գոհարիկ Պաճագեան (ՀԵԸ):
ԲԵՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. անցած երկուշաբթի օր այցելած է Հալէպի նորընտիր քաղաքապետ, իրաւաբան Սիւլէյման Նըսրին եւ իր ու հայ ժողովուրդին կողմէ շնորհաւորած է երիտասարդ քաղաքապետը:
Քաղաքապետը շատ սիրալիր ընդունելութիւն մը ցոյց տուած է եւ յայտարարած է, թէ հանրային շահերուն համար մօտիկ բարեկամ կը նկատէ սրբազանը:
ՏԱՐՕՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Ֆրեզնոյէն կը գրեն.-
Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Պատգամաւորական ժողովը իր աշխատանքները վերջացուց այստեղ, յուլիս 8-ին, խանդավառ ներդաշնակ մթնոլորտի մը մէջ: Իրենց պարտականութեանց յաջող կատարման համար շնորհաւորութեան արժանի են դիւանի ատենապետ Մ. Տէր Ստեփանեան եւ քարտուղար Ս. Շահնազարեան:
Յաջորդ օրը` կիրակի, տեղի ունեցաւ մեծ դաշտահանդէս մը, Վարդավառի արարողութեամբ: Հայկ Մալոյեան խօսեցաւ այս տօնին մասին: Տպաւորիչ կրօնական արարողութիւնը կատարեցին հայր Վահան Եզեան եւ հայր Բաբգէն Գասպարեան:
Նուէրներէ գոյացաւ 1500 տոլար:
ԵՂԻՇԷ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ
ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ
Գրած էինք, թէ Ամերիկայի մէջ վախճանած է Եղիշէ քհնյ. Գասպարեան, ամերիկահայութեան հին վեթերան քահանաներէն մէկը, որ 35 տարի շարունակ քահանայագործած է Ամերիկայի բազմաթիւ հայ եկեղեցիներու մէջ` նուիրումով եւ եռանդով:
Ծնած է Բրուսա, 1891-ին. ուսած էր Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ: Ուսուցչութիւն ըրած է զանազան հայ վարժարաններու մէջ: 1910-1920 Հալէպի Ներսէսեան Ազգային վարժարանին մէջ պաշտօվարած է: 1923-ին Աթէնքի մէջ քահանայ ձեռնադրուած է Մազլըմեան արքեպիսկոպոսի ձեռամբ:
1926-ին մեկնած է Ամերիկա` նախ Լորենսի Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, ապա եղած է Մելվոքիի, Թրոյի, Նիւ Եորքի, Ուսարի, Փրավիտենսի, Կրանիթ Սիթիի եկեղեցիներուն մէջ:
Վերջին տարիներուն ծերութեան պատճառով հանգստի կոչուած էր:
Եղած է նաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
