«Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահական պալատին մօտիկ իր աղբիւրները յայտնած են, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան համաձայն գտնուած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում ունենալ այս շաբաթ` Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին:
Օրաթերթին աղբիւրները կը փոխանցեն, որ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի: Օրաթերթը կը գրէ, որ 8 օգոստոսին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կազմակերպած հանդիպումէն ետք Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր է Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում կազմակերպել հոլովոյթէն մեկուսացուածի վիճակին մէջ չյայտնուելու համար: Եւ որովհետեւ տակաւին վերջնականապէս յայտնի չէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Քարտիֆ մեկնումը, Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպումը կասկածի տակ է:
«Հայկական Ժամանակ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ալիեւ նախնական համաձայնութիւն տուած է: Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւն ցուցաբերած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ` ամիսներ առաջ շրջան իր կատարած այցելութեան ընթացքին:
Նախագահական Աղբիւրներ Ո՛չ Հերքեցին,
Ո՛չ Հաստատեցին Սարգսեան-Ալիեւ
Հանդիպման Մասին Լուրը
Հայաստանի նախագահական նստավայրէն ո՛չ հերքեցին, ո՛չ ալ հաստատեցին Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ այս շաբաթ տեղի ունենալիք Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման մասին լուրը: Պատասխանելով News.am-ի գրաւոր հարցումին` նախագահի մամլոյ քարտուղարի գրասենեակէն յայտնեցին, որ իբրեւ կանոն Հայաստանի նախագահին այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն մասին կը տեղեկացուի պատշաճ կարգով եւ ժամանակին:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք անցեալ շաբաթ յայտնած էր, թէ հաւանական է, որ Կալեսի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ կատարուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպումը: Ատիկա կախեալ կ՛ըլլայ հանդիպումներու եւ քննարկումներու համար նախագահներու պատրաստակամութենէն եւ ցանկութենէն, ըսած էր դիւանագէտը: «Արտաքին գործոց նախարար Քերրի պատրաստ է անձամբ դերակատար ըլլալու այդ տագնապի լուծման գործին մէջ, եթէ անոր մասնակցութիւնը որեւէ բանով կ՛օգնէ», ըսած էր դիւանագէտը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան
Բրիտանիա Մեկնեցաւ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ երէկ երեկոյեան Բրիտանիա մեկնեցաւ:
Հանրապետութեան նախագահը պիտի մասնակցի Նիւփորթի մէջ այսօր տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու (ԻՍԱՖ) առաքելութեան մասնակից գործընկեր երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Սերժ Սարգսեան ելոյթ պիտի ունենայ:
ՕԹԱՆ-Անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժեր ձեւաչափով վերջին այս hանդիպման պիտի ամփոփուին Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու առաքելութեան արդիւնքները եւ պիտի նշուին նոր` «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան ուղղութիւնները:
Հայաստան 2010 թուականէն ի վեր ըլլալով միջազգային այդ առաքելութեան մասնակից եւ միջազգային ուժերու կազմին մէջ տեղակայելով մինչեւ 126 հոգինոց զօրախումբ, իր ներդրումը ունեցած է Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան եւ ներազգային համերաշխութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող միջազգային հաւաքական ջանքերուն եւ յանձնառու է շարունակելու մասնակցութիւնը նոր առաքելութեան ծիրին մէջ:
Այսօր երեկոյեան, հանդիպման մասնակիցներուն համար կը սարքուի ընդունելութիւն Կալեսի արքայազն Չարլզ իշխանին անունով եւ անպաշտօն ընթրիք` ի պատիւ մասնակից երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն:


