
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ քննարկուած է շրջանին մէջ բռնկած հրդեհէն Լիբանանը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ եթէ Լիբանանի մէջ հրդեհ բռնկի, ապա ոչ ոք պիտի փրկուի:
Միքաթի շեշտեց Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան պահպանումը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը բոլոր լիբանանցիներուն յոյսն է, «հետեւաբար մենք կը զօրակցինք բանակին եւ հաւատարիմ կը մնանք Լիբանանի համար ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակին», ըսաւ Միքաթի:
Ան շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ ինք եւ Ռայի պատրիարքը համաձայն գտնուած են, որ քրիստոնեաները այդ մասին պէտք էր համաձայնութիւն մը գոյացնէին:
Ան նշեց նաեւ, որ զոհողութիւնը անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:


