Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Իրան-Սուրիա տնտեսական յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ռոստոմ Քասիմիին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Սուրիացի ժողովուրդը կ՛ողջունէ վերակառուցման թղթածրարին մէջ ներդրում ունենալու Իրանի եւ այլ բարեկամ երկիրներու պատրաստակամութիւնը, եւ բարձր կը գնահատէ Իրանի Հանրապետութեան Սուրիոյ կողքին կանգնիլը ընդդէմ այն ծրագիրներուն, որոնք թիրախ կը դարձնեն շրջանի ժողովուրդներն ու անոնց հասարակաց շահերը»:
Ասատ Քասիմիի հետ նաեւ քննարկեց Սուրիա-Իրան տնտեսական ներկայ գործակցութիւնը եւ զայն զարգացնելու ու ամրապնդելու հեռանկարները:


