Երկրին վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական սպառնալիքներն ու կարգ մը տխուր դէպքեր, դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեցին երկրին զանազան կողմերուն մօտ:
Արդարեւ, առեւանգեալ զինուորներէն մէկուն նահատակութիւնը (որուն ինքնութիւնը առեւանգեալ բանակային Ալի Սէյիտի պատկանելու հաւաստիքը երկարեցաւ երէկ մինչեւ ուշ գիշեր` սպասելով «Տի. Էն. Էյ.»-ի արդիւնքներուն), Թրիփոլիի եկեղեցիներէն մէկուն պատերուն վրայ հակաքրիստոնէական սպառնալիքի նշմարումը, նորանոր բանակայիններ սպաննելու ՏԱՀԵՇ-ի թէ Ժապհաթ Նուսրայի սպառնալիքները, որոնք կը միտին ահ ու սարսափի մատնել լիբանանցիները, առանցքը կազմեցին զանազան կողմերու եւ վարիչներու դատապարտումներուն:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ վերահաստատեց, որ երկրին վարիչները մօտէն կը հետեւին երկրին ապահովական իրադարձութիւններուն` մերժելով տեղի տալ ահաբեկիչներու պահանջներուն` Ռումիէի բանտի արգելափակեալ իսլամական տարրերը փոխանակելու առեւանգեալ զինուորականներուն հետ: Նմանապէս, դատական աղբիւրներ մերժեցին նման փոխանակում` տրուած ըլլալով, որ արդէն իսկ դատավճիռ ստացած բանտարկեալներու ներումն ու ազատ արձակումը կը կարօտի նախագահի (որուն աթոռը ցարդ թափուր է) եւ կարգ մը նախարարներու ստորագրութեան: Իսկ Թրիփոլիի թէ այլ կարգ մը եկեղեցիներու պատերուն վրայ «խաչապաշտներուն» ուղղուած հակաքրիստոնէական սպառնալիքները դատապարտումի բուռն ալիք ստեղծեցին նոյնինքն իսլամական շրջանակներու մօտ: Թրիփոլիի միւֆթին փութաց դատապարտել նման արարքներ` զանոնք նկատելով նոր փորձ, Թրիփոլին համայնքային երկպառակութեան քաոսային վիճակի մատնելու: Նմանապէս, շրջանի (Թրիփոլիի) իսլամ կրօնաւորներու մէկ աղբիւրը դատապարտեց արարքը` զայն նկատելով «իսլամական սկզբունքներուն խոտոր համեմատող» քայլ: Իր կարգին, Թրիփոլիի գործարար կիներու միութեան նախագահ Լէյլա Քարամէ դատապարտեց արարքը` ընդգծելով, որ «կառչած կը մնանք քրիստոնեաներուն, աւելի քան քրիստոնեաները իրենք»: Նոյն ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զգուշացուց եւ մերժեց «առեւանգեալ զինուորականներու փոխանակումը Ռումիէի բանտարկեալներուն հետ», ինչ որ կրնայ կառավարութիւնը շանթաժի ենթակայ դարձնել:
Ահաբեկիչներուն հետ բանակցելու սկզբունքը մերժող ու հակաքրիստոնէական սպառնալիքները դատապարտող տեղական կեցուածքներուն կողքին, շրջանային թէ միջազգային կարգ մը դէպքերու նախանշաններ կու գան վերահաստատելու Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման ճիգերն ու կացութեան բարելաւման յոյսերը:
Այս իմաստով, մօտերս Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ տեղի ունենալիք համագումարը, Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու կացութեան քննարկման գծով, պիտի արծարծէ նաեւ Լիբանանի իրավիճակը իր բոլոր երեսներով (ներառեալ` նախագահի ընտրութիւնը):
Իրազեկ աղբիւրներ մեծ յոյսեր կը կապեն բացայայտօրէն թէ քուլիսներու ետին տեղի ունեցած Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու մերձեցման ճիգերուն վրայ, ուր Լիբանան անպայման օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ: Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանանի իրավիճակը մաս պիտի կազմէ սէուտցի Սալման իշխանի բանակցութեանց` Փարիզի մէջ, ուր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կոչ ուղղած է միջազգային վեհաժողով մը կայացնելու` շրջանի (նաեւ Լիբանանի) կացութեան քննարկման գծով (եւ ուր շատ հաւանաբար ներկայ ըլլայ նաեւ Իրան): Այս բոլոր հանդիպումները կրնան նպաստել միացեալ ճակատ մը կազմելու եւ գործակցութիւն յառաջացնելու` ահաբեկիչներու դէմ պայքարելու գծով: Նմանապէս, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի վերջերս այցելած է Ռուսիա եւ Սէուտական Արաբիա, ուր անոր խորհրդակցութիւնները ընդգրկած են նաեւ Լիբանանի իրավիճակը, յատկապէս նախագահի ընտրութեան հարցը:
Միւս կողմէ, յառաջիկայ հոկտեմբերին կը նախատեսուի, որ սիւննի եւ շիի կրօնաւորներու համագումար մը տեղի ունենայ Եգիպտոսի Ազհար կեդրոնին մէջ: Լիբանանցի մտաւորական Մոհամետ Սամմաք, որ ձայնասփռուած զրոյցի մը ընթացքին լուրը հաղորդեց, յայտնեց, թէ իսլամ կրօնաւորները այս համագումարին յատուկ ֆաթուա մը պիտի հրապարակեն` արգիլելով քրիստոնեաներու թէ անոնց ինչքերուն կամ հաստատութիւններուն դէմ որեւէ բռնարարք` զայն նկատելով իսլամութեան դէմ ուղղուած քայլ:


