Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահաբեկիչներու Սպառնալիքներու Լոյսին Տակ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Ծնողներ Շարունակեցին Իրենց Բողոքի Ելոյթները

September 3, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0902_daheshՏԱՀԵՇ-ի անդամներէն Ապու Մուսաապի (Հաֆիտ Պաղտատի) կողմէ երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակուած նորագոյն սպառնալիքը` զինուորական մը եւս «գլխատելու» գծով, սաստկացուց առանց այդ ալ իրենց զաւակներու ազատութեան կոչերով ընդվզած ծնողներուն բողոքի քայլերը: Արդարեւ, երէկ ամբողջ օրուան տեւողութեան Լիբանանի, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ մերթ ցոյցերով, մերթ ինքնաշարժներով փակեցին ճամբաները` պետութենէն եւ պատկան կողմերէն պահանջելով փութացնել իրենց զաւակներուն ազատ արձակման յանգելու կոչուած ճիգերը:

Պեքաայի մէջ ցուցարարներ փակեցին Այն-Հերմել մայրուղին` պահանջելով առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակումը:

Նմանապէս, առեւանգեալ զինուորականներու ընտանեկան պարագաներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին` փակելով Ռաշայայի Խըրպըթ Ռոհա ճամբան:

Նշենք, որ լիբանանեան զանազան կողմեր դէմ են առեւանգեալ զինուորականները Ռումիէի բանտին իսլամական արգելափակեալներուն հետ փոխանակելու բանակցութեանց: Ըստ անոնց, նման զիջում կրնայ իւրաքանչիւր լիբանանցի զինուորական առեւանգեալ գերիի վիճակին մատնել: Այլ խօսքով, փոխանակման քայլը կրնայ քաջալերել ահաբեկիչները իրենց պահանջներու իրագործման գծով:

Իր կարգին, նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ դատապարտեց ահաբեկիչներուն հետ բանակցելու գաղափարը` ընդգծելով, որ ազգային միասնականութիւնը միակ ճամբան է երկիրը նման փորձանքէ փրկելու: Լահուտ անհրաժեշտ նկատեց «ճնշում բանեցնել ահաբեկչական խմբաւորումները հովանաւորող պետութեանց վրայ եւ համագործակցիլ պատկան կողմերու եւ երկիրներու հետ, ներառեալ` Սուրիոյ, միացեալ ճակատով դիմակալելու համար ահաբեկչական փորձանքը»:

 

 

Նախորդը

Հիւսիսային Լիբանանի Պատասխանատուներ Դատապարտեցին Թրիփոլիի Կարգ Մը Եկեղեցիներուն Դէմ Կատարուած Արարքները

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստի Աւարտին. «Զօր. Աունի Առաջադրանքը Ո՞ւր Եւ Ինչպէ՞ս Կը Հակասէ Լիբանանեան Համակեցութեան» Հարց Տուաւ Ժրէյսաթի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.