Պէյրութի մարոնիներու առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս երէկ Այունի մէջ հիմը դրաւ նոր եկեղեցւոյ մը կառուցման: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ան շեշտեց եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը քրիստոնէական հաւատամքին մէջ եւ ըսաւ. «Բռնատիրութեան շրջանին նահատակներու աճիւններուն վրայ կերտուած են մեր եկեղեցիներու խորանները»:


