Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Բռնագրաւուած Կիպրոս Այցելեց

September 3, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0902_erdogan«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 1 սեպտեմբերին այցելած է այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն, ուր խօսելով կիպրական հարցին մասին` ըսած է, որ Թուրքիան ու «Թրքական Կիպրոս»-ը իրենց համբերութեան պտուղը տակաւին չեն կրցած քաղել:

Էրտողան անգամ մը եւս քննադատած է յոյներն ու Յունաստանի «յամառ» քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով տակաւին կարելի չէ եղած, որ երկու կողմերուն համար ընդունելի եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած լուծում մը որդեգրուի: Էրտողան նաեւ սպառնացած է, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այս ընթացքը յաւիտեանս այսպէս պիտի շարունակուի: Էրտողան` մաղթելով, որ մինչեւ հիմա վատնուած ճիգերը յումպէտս չեն վատնուիր, յիշեցուցած է, որ Թուրքիա Կիպրոսի հարցին մէջ երաշխաւոր երկիր է եւ այս հանգամանքով ալ անոր ձեռքը միշտ պիտի ըլլայ «Թրքական Կիպրոս»-ի վրայ:

Լրագրող մը հարցում մը ուղղած է Հէյպելիի յունական դպրեվանքին բացման մասին: Էրտողան պատասխանած է, որ դպրեվանքին բացումը այդքան ալ դժուար հարց մը չէ, կրնայ բացուիլ, սակայն ատոր փոխարէն յունական կողմն ալ պէտք է բաներ մը տայ թրքական կողմին: «Յունական կողմը միայն առնելու մասին կը մտածէ, քիչ  մըն ալ տալու մասին չի մտածեր», ըսած է Էրտողան:

Նշենք, որ Յունաստան Էրտողանի բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոս այցելութիւնը «ապօրինի» նկատեց:

Նախորդը

Ըստ «Ինտիփենտընթ»-ի. Մոհամետ Մարգարէի Գերեզմանը Թերեւս Քանդուի Եւ Անոր Աճիւնները Անյայտ Վայր Մը Փոխադրուին

Յաջորդը

Նազարպայեւ. «Արեւմտեան Երկիրներու Եւ Ռուսիոյ Փոխադարձ Պատժամիջոցները Պիտի Ազդեն Նաեւ Ղազախստանի Զարգացման Վրայ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.