Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Ազատ Արձակուած Հինգ Զինուորները

September 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0831_zinvornere_azadԼիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, բանակը ստանձնած է Արսալի բախումներուն ընթացքին առեւանգուած զինուորներ Իպրահիմ Մուսթաֆա Շաապանը, Մոհամետ Օմար Քատիրին, Ահմետ Ապպուտ Ղիէն, Ուաէլ Սայիտ Տարուիշը եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն Սալեհ Պարատիհին:

Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ազատ արձակուած զինուորները յանձնեց իրենց ընտանիքներուն:

Ազատ արձակուած զինուոր Իպրահիմ Շաապան Աքքարի մէջ յայտնեց, որ Ալի Սէյիտ, որուն սպանութեան մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ դրուած էին, ողջ է:

Աքքար տօնակատարութեան մթնոլորտի մէջ էր նաեւ Ահմետ Ղիէի ազատ արձակումով:

Սալեհ Պարատիհի ժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Պաալպեքի մէջ. ան մաղթեց, որ առեւանգուած բոլոր զինուորները վերադառնան իրենց ընտանիքներուն:

Մոհամետ Քատիրի իր կարգին ընդունուեցաւ Ղազզէ գիւղաքաղաքին մէջ, իսկ Ուաէլ Տարուիշի ի պատիւ Շհիմ գիւղաքաղաքը տօնեց անոր վերադարձը:

Կարգ մը զինուորներու ազատ արձակումին զուգահեռ, առեւանգուած այլ զինուորներուն ընտանիքները շարունակեցին իրենց բողոքի ցոյցերը եւ Պեքաայի ու հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակեցին ճամբաները:

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին Լապուէի ճամբան երկու ուղղութիւններով փակուեցաւ առեւանգուած զինուորներուն հարազատներուն կողմէ, որոնք կառավարութենէն, բանակի հրամանատարէն եւ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիէն պահանջեցին իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:

Զինուորներուն հարազատները հրկիզուած անիւներով փակեցին նաեւ Թայա շրջանը, որ ծանօթ է նաեւ իբրեւ Նուքթա Ռապիհա, ինչպէս նաեւ Հալպա-Թրիփոլի միջազգային ճամբան:

Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած մնացեալ զինուորները ազատ արձակելու պահանջներէն էր, որ Հըզպալլա Քալամունի ճակատամարտին չմասնակցի, այլապէս առեւանգուած զինուորները պիտի սպաննուին:

Նուսրա պահանջեց նաեւ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ներում հայցէ` Էշրեֆիէի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը հրկիզելու քայլին պատճառով, որպէսզի կարելի ըլլայ քրիստոնեայ երկու զինուորները եւս ազատ արձակել:

«Ապտալլա Ազզամ» փաղանգի պատասխանատու Սրաժէտտին Զրէյքաթ իր կարգին յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա իր անխոհեմ քայլերով շարժած չըլլար, ապա լիբանանցի զինուորներ պիտի չառեւանգուէին:

Միւս կողմէ, սակայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու համար քրիստոնեայ երկու զինուորները:

Մինչ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յայտարարեց, որ Արսալէն աւետիսներ կան` առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին առիթով, անպաշտօն աղբիւրներ հաստատեցին, որ արեւմտեան Պեքաայի երեսփոխաններէն մէկը Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ)  միջոցով բանակցութիւններ կը կատարէ` առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով:

Ապու Թաքիէ իր կարգին յայտնեց, որ քրիստոնեայ զինուորներուն ազատ արձակումը արգելակած են Սեսին հրապարակին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակներուն հրկիզումը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներուն կատարած յայտարարութիւնները:

 

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Ապահովական Բնոյթի Նիստի Մը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Մեկնած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.