Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄՈՍԿՈՒԱ, ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՈՐՈՇԱԾ ԵՆ ՊԱՔՈՒՆ ԾՈՒՂԱԿԸ ՁԳԵԼ» ԿԸ ԳՐԷ «ՆԵԶԱՒԻՍԻՄԱՅԱ ԿԱԶԵԹԱ»

July 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» կը գրէ, որ Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Պաքուն ծուղակը ձգել:

«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները երկուշաբթի տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ: Այդ նիւթը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ պիտի քննարկէ պաշտօնի այցելութեամբ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Իսկ յառաջիկային խնդիրի քննարկման համար Մոսկուա պիտի այցելէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով», կը գրէ օրաթերթը:

«Նեզաւիսիմայա կազեթա» կը գրէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Քազանի մէջ խոստացուած բեկումը տեղի չունեցաւ, սակայն Մոսկուա քայլերու կը ձեռնարկէ հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու համար:

«Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջերս Երեւան եւ Պաքու տարաւ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձը: Իսկ թէ Մոսկուան ի՞նչ կ՛առաջարկէ փակուղային իրավիճակէն դուրս գալու համար, այսօր այդ հարցը բոլորը կը հետաքրքրէ: Պաքուի մէջ որեւէ պաշտօնական գնահատական չէ հնչած Մոսկուայի առաջարկներուն վերաբերեալ: Սակայն գոյութիւն ունին մասնագէտներու գնահատականները», կը գրէ ռուսական օրաթերթը` աւելցնելով, որ «ազրպէյճանցի մասնագէտներ կը կարծեն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծումը կը բխի Ռուսիոյ շահերէն: Սակայն անոնք միեւնոյն ժամանակ կը նշեն, որ Հայաստանի տարածքային ախորժակը զսպելու փոխարէն Սմոլենսքի հրապարակին վրայ որոշած են, որ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Ուաշինկթընի ամրապնդուած ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ Ազրպէյճանը ծուղակը ձգել` առաջարկուող փաստաթուղթին մէջ դնելով ապագային Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հիմքը: Պաքու ատոր երբեք պիտի չհամաձայնի: Փոխարէնը, ան հայկական փոքրամասնութեան Ազրպէյճանի կազմին մէջ կ՛առաջարկէ եւրոպական ընդունելի տարբերակներով կեցութեան պայմաններ»:

«Նեզաւիսիմայա կազեթա» կը նշէ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ շատ բարդ է որեւէ կանխատեսումներ ընել ռուսական առաջարկներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հերթական 10-րդ հանդիպումին հաւանականութեան մասին:

«Սակայն, ըստ ազրպէյճանցի մասնագէտներուն, մէկ բան յստակ է` ստեղծուած իրավիճակին մէջ բեկում մտցնելու համար համանախագահները պէտք է հակամարտող կողմերուն վրայ ճնշումներ գործադրեն», կը գրէ օրաթերթը:

 

 

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՍԱՌԵՑՆԵԼ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԻՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆՆԵՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։