Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Երեք Ահաբեկիչներ Եւ Բախումներ Ունեցաւ Զինեալներու Հետ

August 30, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0829_arsal29Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակը Արսալի Ուատի Հմայտ շրջանին մէջ նշմարած է «Շեվրոլէ» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէին երեք յանցագործներ:

Բանակի շրջուն ջոկատ մը զանոնք հետապնդելու ընթացքին անոնց հետ զինեալ բախումներու մէջ գտնուած է եւ կրցած ձերբակալել անոնցմէ երկուքը` Խալետ Ահմետ Ամուն եւ Մոհամետ Ռիատ Իզէտտին, իսկ երրորդը յաջողած է փախուստ տալ:

Բանակը անոնցմէ գրաւած է Քալաշնիքով տիպի գնդացիրներ, ձեռնառումբեր եւ թեթեւ զէնքեր, ինչպէս նաեւ բջիջային հեռաձայններ եւ քամերաներ:

Բանակը ձերբակալեց նաեւ ահաբեկիչ Խալետ Քրամպին, որ կը փորձէր արգելափակեալ ահաբեկիչ Իմատ Ժումաայի թիկնապահները Արսալէն դուրս հանել:

Միւս կողմէ, բանակին եւ զինեալներու միջեւ բախումներ արձանագրուած են նախանցեալ օր ուշ գիշերին: Բախումներուն ընթացքին մեծ թիւով զինեալներ սպաննուած են:

zinvor_videoՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Ալի Սէյիտ անունով բանակայինը անճիտելու տեղեկութիւններուն մասին յստակ եւ ստոյգ ոչ մէկ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի: Իսկ Ալի Սէյիտի ընտանիքը եւ Աքքարի Ֆնայտեք շրջանի բնակիչները առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին արձանագրած բացթողումին պատասխանատու նկատեցին Լիբանանի կառավարութիւնը:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին, ՏԱՀԵՇ համացանցի վրայ տեղադրեց վիտէօ մը, որուն մէջ երեւցան առեւանգուած ինը զինուորներ, որոնք իրենց ընտանիքներէն եւ ընկերներէն պահանջեցին փողոց իջնել եւ ճնշում բանեցնել լիբանանեան պետութեան վրայ, որպէսզի համաձայն գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի պահանջները կատարելու եւ անոր յանձնէ Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներէն մի քանին:

Երէկ կէս գիշերին շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտարարեց, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը պիտի շարունակէ բանակցութիւնները առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով: Ան նաեւ ըսաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու առեւանգուած անդամները ողջ առողջ են:

Նախորդը

Բանակը Ստանձնեց Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւն

Յաջորդը

Մշոյ Հայկական Թաղամասի Եկեղեցին Քանդուելու Վտանգի Տակ Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.