Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՓԻՒՌՔԻ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑ»Ի ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

July 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դպրոցը» փակեց իր դռները: Լրագրողները իրենց աւարտաճառերը պաշտպանեցին համալսարանին մէջ` ներկայութեամբ յանձնախումբի մը, որ կը բաղկանար Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանէն, լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Նաղաշ Մարտիրոսեանէն, լրագրութեան բաժանմունքի նախագահի տեղակալ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Անահիտ Մենեմշեանէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆեսէօր Մուշեղ Յովսէփեանէն եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Դաւիթ Գէորգեանէն: Աւարտական աշխատանքները տարբեր բնոյթի էին, ինչպէս օրինակ` տեսահոլովակներ, ձայնասփիւռի յայտագիր, ծրագիրի քննարկումներ եւ այլն:

Աւարտաճառերու պաշտպանութենէն ետք ծրագիրին մասնակիցներն ու յանձնախումբը ուղղուեցան սփիւռքի նախարարութիւն, ուր տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը:

Խօսք առնելով սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը գնահատեց լրագրողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն լրատուամիջոցներուն, որոնք ուղարկեցին իրենց աշխատակիցները` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու հինգերորդ համաժողովին որոշուած լրագրողներու վերաորակաւորման անդրանիկ դասընթացքին յաջողութիւնը զիրենք մղեց այդ դասընթացքը տարեկան դրութեամբ կատարելու: Ան ըսաւ. «Հայոց պետութիւնը ի դէմս կառավարութեան, սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին, ֆինանսաւորելով ծրագիրը որոշակի աջակցութիւն բերաւ սփիւռքի կառոյցներուն»` աւելցնելով, որ հայկական մամուլը ազգային մեծ խնդիրներ կը լուծէ: Նախարար Յակոբեան կոչ ուղղեց լրագրողներուն դառնալու Հայաստանը եւ սփիւռքը կամրջող դեսպաններ:

Իր խօսքին աւարտին նախարար Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրը իրականացնողներուն եւ աջակցողներուն:

Ասուլիսին խօսք առաւ նաեւ Նաղաշ Մարտիրոսեան: Ան ըսաւ, որ իր ուսանողական շրջանին ուսումնասիրած է սփիւռքի մամուլը եւ նկատած անոր համազգային հարցեր քննարկելու ու լուծելու կարողութիւնը, եւ մտահոգուած եղած է, որ արդեօք սփիւռքի մէջ պիտի ըլլա՞ն այդ գործը շարունակողներ. այսօր սակայն, շնորհիւ այս ծրագիրին, փարատած են իր բոլոր մտահոգութիւնները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան` իր ընծայած առիթին համար:

Իր կարգին, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան յայտնեց, որ աւարտական աշխատանքները արտացոլած են լրագրողներուն ողջմտութիւնը եւ անոնց պատասխանատու կեցուածքը` իրենց աշխատանքներուն եւ դասախօսութիւններուն նկատմամբ: Ան նշեց, որ բոլորին մօտ բարձր կը հնչէր ազգային դիմագիծն ու լեզուն պահելու հանգամանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան  բաժանմունքի տնօրէնին եւ համալսարանի նախագահին:

Լրագրող-ուսանողներուն կողմէ խօսք առաւ Հայր Սեպուհ Կարապետեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին, լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէնին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք քուլիսներու ետին աշխատած են այս ծրագիրը յաջողցնելու եւ լրագրողներուն գիտելիքներ ջամբելու համար: Խօսք առին նաեւ միւս լրագրողները` իրենց շնորհակալութիւնները յայտնելու համար:

Տեղի ունեցաւ վկայականներու փոխանցում:

 

 

Նախորդը

«ՄԵՍՍԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԿԵԱՆՔԸ ՏԱԼՈՒ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՄԱՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐԳԸ Չ՛ԵՐԳԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՍԵՐԺԻՕ ԱԿՈՒԵՐՕ

Յաջորդը

ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։