«Նաշրա» կայքին համաձայն, լաւատեղեակ եւ իրազեկ աղբիւրներ բացայայտած են, թէ վերջերս ապահովական եւ ելեւմտական «մտահոգիչ» տեղեկութիւններ հասած են լիբանանեան պատկան կողմերուն` նշելով, որ հորիզոնին վրայ հետզհետէ բացայայտուող նաեւ ելեւմտական մտահոգիչ տուեալները կ՛առաջադրեն, քաղաքական ու ապահովական զօրաշարժի դիմել` դիմագրաւելու համար այս վտանգը:


