Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի արաբական երկիրներու աղջկանց ախոյեանութիւնը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Երէկ տեղ ունեցած մրցումներէն ետք, աժմ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Նանօր Առնելեան յաղթանակ մը արձանագրելով 6-ի բարձրացուց իր հաւաքած կէտերուն հաշիւը եւ այժմ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, նոյնքան կէտ ունի նաեւ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Եգիպտոսի ներկայացուցիչը:
Այսօրուան վերջին հանգրուանի ճակատումներուն կը վճռուի ախոյեանին անունը:
Նշենք, որ 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ալիք Թենպելեան, ցարդ կը մնայ առանց որեւէ կէտի:


