Երէկ` չորեքշաբթի, 27 օգոստոսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Սպանիա մեկնեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար` իր մասնակցութիւնը բերելու համր 28-29 օգոստոսին տեղի ունենալիք պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին համագումարին:
Սպանիոյ մէջ Նասսար պիտի ներկայացնէ Լիբանանը` միջազգային մեծագոյն այս համախմբումին եւ այս մէկը` նախքան աշխարհի տղոց ախոյեանութեան սկիզբը տրուիլը:
Հոն Նասսար պիտի ունենայ բազմաթիւ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին տարբեր երկիրներու ֆետերասիոններուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու գծով աշխատանք պիտի տանի:


