«Մովենփիք» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 1-4 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի լողարշաւի ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:
«Մովենփիք»-ի լողաւազանին մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութիւնը պիտի բաժնուի 12 դասակարգերու (6 տղաք եւ 6 աղջիկներ): Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 27 ակումբներու 450 երկսեռ լողացողներ:
Իր խօսքին մէջ ֆետերասիոնին նախագահ Մարսել Պըրժի յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակցողներուն` միեւնոյն ժամանակ ալ խոստանալով, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւնները պիտի կատարուին նաեւ Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ:


