Լիբանանի ֆութսալի 2013-2014 տարեշրջանի ախոյեան եւ 2014-2015 տարեշրջանի գերբաժակակիր Պէյրութի դրամատունը երէկ աւարտեց իր ելոյթները` Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու 5-րդ ախոյեանութեան գծով, երբ իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Չինաստանի Շանկտու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, լիբանանեան կազմը այս անգամ 10-7 արդիւնքով պարտուեցաւ Քուէյթի ախոյեան Քարիսիէէն եւ առանց ոչ մէկ կէտ ապահովելու հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքէն:


