Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սենթ Լուիսի (Միացեալ Նահանգներ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ 27 օգոստոսէն 7 սեպտեմբեր: 1 սեպտեմբերին հանգիստի օր պիտի ըլլայ:
Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան կրանտմասթըրներ Քարլսըն, Քարուանա, Թոփալով եւ Վաշիէ Լակրաւ:
Մրցումները պիտի սկսին ժամը 23:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով, կը յայտնէ armchess.am:


