Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Սահմանամերձ Գիւղերու Գիւղապետերուն . Սահմանամերձ Գիւղի Բնակիչները Իրազեկ Են Եւ Կ՛աշխատին Սահմանէն Հեռու Մնալ

August 28, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամուէլ Սաղոյեան
Սամուէլ Սաղոյեան

Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին  յայտնեց, որ գիւղին բնակիչները գիտեն, որ սահմանին մօտենալը վտանգաւոր է: «Ամբողջ ժողովուրդը իրազեկ է եւ կ՛աշխատի սահմանէն հեռու մնալ», ըսաւ ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կանխարգելիչ աշխատանքներ կը կատարուին, որպէսզի յանկարծ մեր հայրենակիցները գերի չիյնան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք բաւարար չեն, ի՞նչ այլ ծրագիրներ անհրաժեշտ են, գիւղապետը ըսաւ. «Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընել, մարդիկ գիտեն, համապատասխան նշանները կան, սահմանը կայ, փշաթելը քաշուած է, ալ ուրիշ ի՞նչ պէտք է ձեռնարկել»:

Տաւուշի մարզի Մովսէս գիւղապետ Արարատ Աւալեան նոյնպէս  վստահեցուց, որ որեւէ անձ գիտէ, որ սահմանը կարելի չէ հատել, եւ միշտ իրենք այդ մասին բնակիչներուն կը տեղեկացնեն:

Հարցումին, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս կոչ ուղղած է զգուշ ըլլալու, եւ այդ զգուշացումները արդեօք բաւարա՞ր են, ան պատասխանեց. «Եթէ մարդը ինքնակամ կը հատէ, ան պարզապէս ուղեղի հարց ունի, կ՛երթայ  թշնամիին բերանը: Ի՞նչ պէտք է ընէ երկրի կամ համայնքի ղեկավարը այդ պարագային»:

«Կարելի՞ է, որ մարդ պարզապէս մոլորի» հարցումին ան պատասխանեց. « Ատիկա կարելի է միայն ամպամած կամ մութ ժամանակ: Օր ցերեկով տարածքին ծանօթ մարդը գիտէ, որ սահմանը ուրկէ՛ կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ, ան չի կրնար ատիկա մոռնալ: Կա՛մ տեղեկութիւն հաղորդողը պէտք է երթայ գիշերը, որպէսզի տեղեկութիւն տայ անոնց, կա՛մ մառախուղի ժամանակ անասնապահը կրնայ մոլորիլ: Մովսէս գիւղին մէջ այդ բոլորը լուծուած են. դիրքապահները իրենց տեղերն են եւ թոյլ չեն տար, որ անցնին», ըսաւ ան եւ նշեց, որ թէեւ փշաթելեր չկան, սակայն սահմանին վրայ նշաններ կան, որոնք կը զգուշացնեն, որ այդ տարածքները հատել կարելի չէ, որովհետեւ կա՛մ ականապատուած են, կա՛մ վտանգաւոր գօտի են:

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Մասին Բանաձեւը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.