Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Պատասխանատուներու Ճիգերը Կեդրոնացած Են Արսալի Եւ Առեւանգուած Զինուորներու Հարցին Վրայ

August 28, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սալամ եւ Պըրրի
Սալամ եւ Պըրրի

«Որեւէ տեղեկութիւն կամ մանրամասնութիւն առեւանգեալ զինուորներուն մասին կրնայ խափանել կամ դժուարացնել անոնց ազատ արձակման ճիգերը», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Այն Թինէ կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Սալամ երկարօրէն խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` օրուան հրատապ հարցերուն շուրջ: Հարցը այսօր կամ վաղը լրանալիք չէ, պատմութիւնը երկար է, որովհետեւ անիկա կապ ունի այնպիսի մարդոց հետ, որոնք ո՛չ կրօն, ո՛չ գոյն, ո՛չ դատ, ո՛չ ալ մարդկային գիտակցութիւն ունին», ըսաւ վարչապետը` շեշտելով գաղտնապահութեան անհրաժեշտութիւնը առեւանգեալներու ազատ արձակման համար, որուն գծով կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ճիգերը:

Նաեւ Նեպիհ Պըրրի

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերահաստատեց բանակի ճիգերուն իր զօրակցութիւնը: Ան մաղթեց, որ պայմանները դրական բնոյթ ստանան, յատկապէս սէուտական-իրանեան երկխօսութեան ուղղութեամբ, ինչ որ կարեւոր ազդակ կը նկատուի կացութեան բարելաւման առումով:

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումի ծիրին մէջ Պըրրիի հետ խորհրդակցած երեսփոխաններ յայտնեցին, որ Պըրրի նախանցեալ օր ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի անդամ հինգ պետութիւններու դեսպաններէն պահանջած է օդային կամուրջ հաստատել լիբանանեան բանակի զինման եւ զայն նոր կազմածներով օժտելու համար: Ըստ նոյն աղբիւրներուն դեսպանները դրական պատասխանած են եւ խոստացած օժանդակել բանակի զինման քայլերուն:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Նախարար Ժպրան Պասիլը

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Ճափոնի Դեսպանը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.