
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ կէսօրին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան պարզեց Լիբանանի հեռաձայնի, յատկապէս` բջիջային տեղական թէ միջազգային (ռոմինկ) հաղորդակցութեան վիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու նախատեսուող ծրագիրները: Խոստովանելով, թէ նախարարութեան կողմէ ցարդ առնուած քայլերը բաւարար չեն, նախարար Հարպ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն դիմելու նախարարութեան եւ իմացնելու պատահող որեւէ խանգարումի մասին: Հարպ նշեց, որ զօրաշարժի ենթարկած է նախարարութիւնն ու բջիջային ընկերութիւնները` լուծելու եւ դասաւորելու որեւէ դժուարութիւն կամ խանգարում: Հարպ աւելցուց, որ նախարարութիւնը կը ծրագրէ 150 նոր կայաններ հաստատել զանազան շրջաններու մէջ: Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարը ապահովական, խանգարման միջոցառումներու, սուրիացի գաղթականներուն կողմէ յաճախակիօրէն բջիջայինի գործածութեան եւ այլ պատճառներու վերագրեց բջիջային հաղորդակցութեանց ընթացքին յաճախակիօրէն կրկնուող խանգարումները: Ան աւելցուց, որ կանխավճարուած հեռաձայնային քարտեր պիտի հրապարակէ յատուկ սուրիացի գաղթականներուն համար, որպէսզի անոնք պէտք չունենան յաճախակիօրէն բջիջային անթել գիծեր գործածելու:


