Ելեկտրականութեան ընկերութեան հետ գործակցող սարակները երէկ կրկին փակեցին հաստատութեան դռները Նահրի կեդրոնին մէջ, ինչ որ արգելք հանդիսացաւ նորոգման աշխատանքներու շարունակման:
Միւս կողմէ Սայտայի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին ճամբան` իբրեւ բողոք եօթներորդ օրն ըլլալով շրջանին մէջ ջուրի ընդհատումին:


