Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով` 25 օգոստոսին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 25 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 400 կրակոց:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը վստահօրէն իրականացնելով մարտական հերթապահութիւնը` իրավիճակը պահած են վերահսկողութեան տակ», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:


