ՀԱՐԱՒԻ մէջ բնակիչներ սկսած են մերժել ու պոյքոթի ենթարկել սէուտական եւ քաթարեան արտադրութիւններ` առ ի բողոք այդ երկիրներուն քաղաքական կեցուածքներուն:
ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալներ երէկ կէսօրէ առաջ Ժել էլ Տիպի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մօտ կրակ բացին ելեկտրական սարքեր վաճառող Էլիաս Մանսուր Քֆուրիի դէմ, որ տեղւոյն վրայ մահացաւ: Ապահովական կողմեր քննութիւն բացին գողութեան պատրուակով պատահած այս ոճիրին շուրջ եւ աւելի ուշ անոնք ձերբակալեցին կասկածելի մը:
ՖԱՏԻ Հարֆուշ անունով լիբանանցիի մը դիակը գտնուեցաւ երէկ հիւսիսային Ապտայի շրջանին մօտերը: Դէպքի մանրամասնութեանց շուրջ հետաքննութիւն բացուած է:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Լիբանան բնակեցուած գաղթական պաղեստինցիներ մօտերս պիտի ստանան լիբանանեան «յատուկ» անձնաթուղթեր:
ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ մը զոհ գնաց երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, երբ Լիբանան գտնուող պաղեստինցիներ ցնծութեան կրակոցներ կ՛արձակէին` իրենց գոհունակութիւնը արտայայտելով Կազայի մէջ հաստատուած զինադադարին համար:


