Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1964)

August 27, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս
Խորէն Ա.ի Այցը Նախագահ Հելուի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք հետեւեալ զոյգ հաղորդագրութիւնը` 18 եւ 25 օգոստոս թուակիր.

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն պր. Շարլ Հելուի բարեբաստիկ ընտրութեան առթիւ Ս. Աթոռոյս վեհափառ հայրապետը հետեւեալ շնորհաւորական հեռագիրը յղեց նորին վսեմութեան.

Նորին վսեմութիւն
Շարլ Պէյ Հելու
Ընտրեալ նախագահ
Պէյրութ,

Նախագահական բարձրագոյն պաշտօնին ձեր ընտրութեան առթիւ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս մեր կողմէ ձեզի կը յայտնենք Մեր ջերմագին մաղթանքները` արդիւնաւէտ իշխանութեան մը համար, ի սպաս Լիբանանի եւ անոր ամենասիրելի ժողովուրդին:

Թող Ամենաբարձրեալը միշտ լուսաւորէ ձեր ճանապարհը եւ ձեզ առատացնէ այն շնորհներով, որոնցմով ողողեց Մեր սիրելի Լիբանանը, իր այժմու նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապի վսեմ պաշտօնավարութեան շրջանին:

ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

* * *

Իսկ երկուշաբթի, 24 օգոստոս 1964, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ գաւազանակիր Եզնիկ վրդ. Բալայեանի, մասնաւոր ժամադրութեամբ մը ընդունուեցաւ ընտրեալ նախագահին կողմէ, իր Ալէյի ապարանքին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդին, անգամ մը եւս իր լաւագոյն մաղթանքները ներկայացուց նորին վսեմութեան: Շուրջ 30 վայրկեան տեւած սոյն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ խիստ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը իր հետեւորդներով հրաժեշտ առաւ նորին վսեմութենէն:

1964_GatoghigosԱնցած երկուշաբթի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Շարլ Հելուի, որուն հետ ունեցաւ սիրալիր տեսակցութիւն մը: Նկարին վրայ, նախագահն ու վեհափառը մտերմիկ խօսակցութեան պահուն: Կողքին` Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան:

 

 

Հայաստան

Արդար Գանգատ

Լենինականէն 40-45 քիլոմեթր հեռու, Ամասիայի գեղատեսիլ լեռներու գիրկին մէջ կը գտնուի Հայաստանի բնութեան հրաշալիքներէն մէկը` Արփի լիճը: Վճիտ եւ համեղ ջուրին մէջ կը բազմանան ծածան, թեփուկ, կապոյտ եւ այլ ձուկի տեսակներ: 14-16 տարի առաջ 140-180 թոն համեղ ձուկ կ՛որսացուէր լիճէն:

Հակառակ կառավարութեան ձեռք առած խիստ միջոցներուն` լիճին ձուկը երթալով պակսած է եւ ներկայիս, ըստ «Սովետական Հայաստան» թերթին մէջ երեւցած գանգատի բաց նամակի մը հեղինակներուն, «լիճը այժմ ոչ մի քիլօ ձուկ չի տալիս»: Այս դժբախտ կացութեան պատասխանատուներն են անհատ ձկնորսներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք բոլորովին արգիլուած միջոցներով (պայթուցիկներով, ելեկտրականութեամբ եւ այլն) ձկնորսութիւն կը կատարեն սեւ շուկայի մէջ ծախելու համար:

Գիւղատնտեսութեան Տագնապը

Մեր երկրին տարիներու մնայուն ցաւը գիւղատնտեսութեան անբաւարար զարգացումն է: Պետութեան առաջադրանքները տեւաբար կը մնան թուղթի վրայ:

Այսպէս, այս տարի, ըստ պետութեան հաստատած ծրագրին, անցեալ տարուան բաղդատմամբ, կաթին արտադրութիւնը պէտք է աւելնայ 120, միսինը` 20,000 ցենտներով (մէկ ցենտներ = տասը քիլօ), հաւկիթը` 9,300,000 հատով: Դժբախտաբար տուեալները ցոյց կու տան, որ ոչ մէկ ձեւով պիտի իրագործուի այս ծրագիրը, քանի որ այս կիսամեակին միսի արտադրութեան  ծրագիրը իրագործուած է հազիւ 16 տոկոս համեմատութեամբ, կաթինը` 45.4, իսկ հաւկիթինը` 47.5: «Դրա հետեւանքով էլ կոլտնտեսութիւններն ու սովխոզները կիսամեակում պետութեան պակաս վաճառեցին ու յանձնեցին տասնեակ հազարաւոր ցենտներով կաթ ու միս եւ մի քանի միլիոն հատ ձու»:

Ցուցահանդէս

Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ գիրքերու ցուցահանդէսի մը, որ նպատակ ունի հայ ընթերցասէրներուն ներկայացնելու լեհ գրագէտներուն գործերուն հայերէն թարգմանութիւնները` տասնամեակներէ ի վեր:

Ամէնէն շատ թարգմանուած եւ ժողովրդականութիւն գտած գործերը կը պատկանին Հենրիկ Սենքիեւիչի: 1892-ին Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած է լեհ գրագէտին «Փարոսի վրայ» պատմուածքը: 1906-ին թարգմանուած է «Յո՞ երթաս» պատմավէպը Հ. Անանիա Գոնտաքճեանի կողմէ (լոյս տեսած է Վենետիկի մէջ «Սրով եւ հրով» խորագրով): Այնուհետեւ յաջորդաբար թարգմանուած են գրագէտին «Առանց դաւանանքի», «Իանիա», «Խաչակիրներ» վէպերը, «Ամերիկեան պատմուածքները», եւն.:

Ուշագրաւ երեւոյթ է, որ ԺԹ. դարէն սկսեալ հայերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած են բազմաթիւ ուրիշ լեհ գրագէտներու, թատերագիրներու երկերը եւս:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սաստիկ Կռիւներ Տամուրի Շուրջ Եւ Պէյրութի Կեդրոնական Թաղերուն Մէջ.

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.