Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամ Ծայրայեղականներու Զէնքերը Թուրքիայէն Կ՛անցնին. «Ուաշինկթըն Փոսթ»

August 26, 2014
| Ազդակ Գաղափարաբանական, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

WP_hurriyet«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը լուր մը հրատարակած է Թուրքիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու գործունէութեան մասին` նշելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալելու մոլուցքով տարուած Անգարան առիթ ընծայած է իսլամ ծայրայեղականներու հզօրացման:

Կը նշուի, որ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող այս ահարկու կազմակերպութիւնը իր ուժին տիրացաւ Թուրքիոյ կողմէ իր վայելած զօրակցութեան շնորհիւ: Անոր հրամանատարներէն մէկը, որուն հետ հարցազրոյց մը կատարուած է Թուրքիոյ Ռէյհանլը քաղաքին մէջ, ըսած է. «Մեր անդամներէն ոմանք թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժուեցան: Պատերազմի սկզբնական օրերուն մեր պայքարին միացող օտարներու մեծամասնութիւնն ու պատերազմի ընթացքին գործածուած զէնքերը Թուրքիոյ տարածքով հասան մեզի»:

WP_Isis-turkeyՄիջին Արեւելքի մէջ ամէնէն վայրագ խմբակը ըլլալէ առաջ, այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական գիւղաքաղաքները օգտագործած է իբրեւ առեւտուրի կեդրոն, եւ Թուրքիա այս տարածքը տրամադրած է որպէս կեդրոն` պատերազմի գացող օտարներուն ու անոնց զէնքերու փոխադրութեան:

Թերթը կ՛եզրակացնէ, որ յիշեալ կազմակերպութիւնը իր յաջողութիւնը մասամբ կը պարտի թուրքերուն, աւելցնելով, որ այժմ` «Թուրքիա իր ցանածը կը քաղէ»:

Ռէյհանլըի քաղաքապետ Թամեր Ափիշ թերթին յայտնած է, որ Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ եղողները գոհունակութեամբ դիմաւորած է, իսկ հիմա անոնք` «կը սպաննեն, իրենց հիւանդութիւնները կը տարածեն եւ Թուրքիոյ կատարած բարիքին փոխարէն` չարիք կը բերեն, իսկ այս բոլորին գինը մե՛նք բոլորս կը հատուցենք»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի համաձայն, ծայրայեղականները իրենց հակակշիռին տակ գտնուող տարածքներէն դէպի Թուրքիա քարիւղ կը մաքսանենգեն, սահմանին վրայ ապօրինի կերպով զէնքի եւ ապրանքի փոխադրութիւն կը կատարեն: Թուրքիա այս ապօրինութիւններուն վերջ տալու համար որոշ քայլերու դիմած է, բայց անոնք բաւարար չեն եղած:

Նախորդը

Եզիտիները Փրկութեան Են Սպասում. Միացեալ Նահանգների Նախագահ Պարաք Օպաման Եզիտիների Կոտորածները Որակել Է Ցեղասպանութիւն

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրկին Ցեղասպանութեան Մը Մասին…

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.