Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիա. «Անմիջական Ներխուժում». Ռուսիոյ Մարդասիրական Բեռով Կարաւանը Մուտք Գործած Է Ուքրանիա` Առանց Քիեւի Արտօնութեան

August 23, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0822_UkraineԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուած մարդասիրական բեռով առաջին տասը բեռնակառքերը մուտք գործած են Ուքրանիա: Կը հաղորդուի, որ Միջազգային կարմիր խաչի աշխատակիցները չեն ուղեկցիր բեռնակառքերուն: Ուքրանական իշխանութիւններէն աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս»-ին հաստատած է տեղեկութիւնը:

Նախքան այդ, ռուսական իշխանութիւնները յայտարարած էին առանց Քիեւի համաձայնութեան արեւելեան Ուքրանիա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու իրենց մտադրութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան երէկ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Ռուսական կողմը որոշած է գործել, որովհետեւ այլեւս կարելի չէ տանիլ անիշխանութիւնը, բացայայտ սուտն ու համաձայնութիւն կայացնելու անկարողութիւնը, որոնք յղի են մարդասիրական աղէտի վտանգով»: «Ռուսական կողմը որոշած է գործել: Մարդասիրական բեռով մեր կարաւանը պիտի սկսի ընթացքը Լուկանսքի ուղղութեամբ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Մոսկուան համաձայն է Միջազգային կարմիր խաչի աշխատակիցներուն ուղեկցութեան եւ օգնութիւնը բաժնելու ընթացքին անոնց մասնակցութեան: Միաժամանակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ` «զուտ մարդասիրական առաքելութիւնը տապալել» չփորձել:

«Եունիըն» կայքը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը Ուքրանիոյ տարածքով ռուսական մարդասիրական օգնութեան կարաւանի յառաջխաղացքը «անմիջական ներխուժում» որակած է:

Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը նշած է, որ կարաւանին կ՛ուղեկցին «զինեալ անջատողականներ»:

Նախորդը

Իրաք. Յարձակում Մզկիթի Մը Վրայ. Նուազագոյնը 68 Զոհ

Յաջորդը

Մինչ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Կազայի Դէմ Իր Յարձակումը. Պաղեստինեան Դիմադրութիւնը Կ՛ընդլայնէ Իր Թիրախներու Շրջանակը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.