Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալասանիա. «Վրաստանը, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Մտադիր Են Ամրապնդել Պաշտպանութեան Ունակութիւնը»

August 23, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իրաքլի Ալասանիա
Իրաքլի Ալասանիա

«Կրուզիա Օնլայն» կը գրէ, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիա «Իմետի» պատկերասփիւռի ընկերութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Վրաստանը, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը մտադիր են պաշտպանութեան ունակութիւնը ամրապնդելու մասին ծրագիր մշակելու:

Ըստ անոր, անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, որ այդ երեք պետութիւնները, որոնք կը գործադրեն ռազմավարական նշանակութեան միացեալ նախագիծեր, միակարծիք են այն հարցին մէջ, որ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ այդ ենթակառուցուածքը անհրաժեշտ է պաշտպանել:

«Ատիկա նաեւ Եւրոպայի եւ ՕԹԱՆ-ի շահերէն կը բխի, որովհետեւ ճիշդ այդ տարանցիկ ճամբան կ՛օգտագործուի դաշինքի բեռներու Աֆղանիստան տեղափոխման համար: Տարանցումը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն, առաւել եւս` Ռուսիոյ հետ լարուած յարաբերութիւններուն ենթահողին վրայ», ըսած է Ալասանիա:

«Այդ երեք պետութիւններու կառավարութիւններուն ներկայացուցիչները կը սկսին մտածել պաշտպանութեան ունակութիւնը ամրապնդելու վերաբերեալ ծրագիր մշակելու մասին: Բացի ատկէ, անհրաժեշտ է ընդգծել, որ այդ գործողութիւնները ուղղուած չեն որեւէ մէկու դէմ», նշած է Ալասանիա:

Յիշեցնենք, որ վերջերս երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները Նախիջեւանի մէջ ունեցած էին հանդիպում մը, որուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակած էին շրջանի ռազմաքաղաքական եւ անվտանգութեան իրավիճակին շուրջ:

Նախորդը

Աբխազիոյ Նախագահի Պաշտօնակատարը Պիելոռուսիոյ Նախագահէն Խնդրած Է Ճանչնալ Աբխազիոյ Անկախութիւնը

Յաջորդը

Ըստ «Անատոլու»-ի. Փեշմերկաները Իրանցի Զինուորներու Օժանդակութեամբ Վերատիրացած Են Ժալուլային

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.